2018-04-05 14:21:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 4 եւ 5 ապրիլի թուիթները


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի,4  ապրիլ 2018-ին,  Ֆրանչիսկոս Սրբազան  Պապ իր թուիթրեան կայքին վրայ՛ նոր թուիլթ մը հրապարակելով խնդրեց  կարեկցութեամբ  ընկերանալ Փոքրիկ Ալֆի Էվանսին, որուն համար բժիշկները խնդրած են՝անջատել զինք կեանքի մէջ պահող բժշկական գործիքները:

Իսկ այսօրուան հրապարակած թուիթին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան  Քահանայապետը իր զօրակցութիւնը ու աղօթքը ապահովեցուց  փոքրիկ  հիւանդին ու անոր հարազատներուն համար, յոյս յայտնելով որ ոչ մի բան խնամուի ՝ կարեկցութեամբ ընկերանալու փոքրիկին ու անոր ընտանիքին: 

«Իմ անկեղծ  յոյսս է որ ամէն անհրաժեշտ բաները կատարուին՝ կարեկցութեամբ ընկերանալ կարենալու փոքրիկ Ալֆի Էվնսին եւ անոր ծնողաց  տառապանքը լսելի ըլլայ: Կ՝աղօթեմ Ալֆիին համար, անոր ընտանիքին եւ այդ հարցին հետ կապակցութիւն ունեցող աձերուն համար»:   

Ւսկ Հինգշաբթի, 5 ապրիլ 2018-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազամ Քահանայապետ հրապարակեց նոր թուիթ մը որուն մէջ  քաջալերեց  յառաջ ընթանալ Յիսուսի Յարութեան ուրախութեամբ հաստատելով որ Յիսուս միշտ նեցուկ է բոլորիս։

«Յառաջ ընթանանք Յիսուսի Յարութեան ուրախութեամբ. Ան միշտ մեր կողքին է»: գրեց Ֆրանչիսկոս Պապ:








All the contents on this site are copyrighted ©.