2018-04-05 14:39:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Հայաստանի հանրապետութեան նախագահը


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 5 ապրիլ  2018-ին, առաւօտեան, Վատիկանի Առաքելական պալատին մէջ Ֆրանչիսկոսս Սրբազան Քահանայապետ ընդունեց  Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Տիար Սերճ Սարգսեանը, որ Քահանայապետի հետ հանդիպումէն ետք նախագահը հանդիպում ունեցաւ նաեւ Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ-ընկերակցութեամբ Վատիկանի այլ պետութիւններուն  հետ յարաբերութեան բաժանմունքի  քարտուղար գերապայծառ  Փոլ Կալլակերին:

Այս մասին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը  հրապարարակեց հաղորդագրութիւն  մը որուն մէջ տեղեկացուց  թէ վերոնշեալ հանդիպումներու ընթացքին որոնք տեղի ունեցան  սիրալիր մթնոլորտի մէջ, ընդգծուեցան երկու պետութիւններու միջեւ տիրող բարի յարաբերութիւնները ինչպէս նաեւ մատնանցշուեցաւ թէ  Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի՝ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետին   արձանին Վատիկանի պարտէզներուն մէջ  բացման արարողութիւնը  այդ յարաբերութիւններու յաւելեալ խթանման առիթ է եւ առիթ  է նաեւ խթանելու Հայ Առաքելական եւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցիներուն միջեւ   յարաբերութիւնները։

Հանդինումին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ  նաեւ տարածաշրջանին քաղաքական իրավիճակի մասին մաղթանք յայտնելով   հակամարտութիւններու խաղաղ լուծում, շօշափուեցան  նաեւ միջազգային այժմէական այլ հարցեր ինչպէս նաեւ քրիստոնեաներու եւ կրօնական  փոքրամասնութիւններու իրավիճակի հայող հարցեր  յատկապէս պատերազմական թատերաբեմերու վրայ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.