2018-04-05 10:02:00

Ռուսիա-Թուրքիա-Իրան վեհաժողովը Սուրիոյ մէջ երկարատեւ զինադադարի կոչ ըրաւ


ԱՆԳԱՐԱ, «Ա.Էֆ.Փէ.».- Ապրիլ 4ին, Անգարայի մէջ կայացած Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Իրանի նախագահներուն վեհաժողովը իր զօրակցութիւնը յայտնեց Սուրիոյ գերիշխանութեան, անկախութեան եւ հողային ամբողջականութեան՝ շեշտելով հոն երկարատեւ զինադադար մը հաստատելու կարեւորութիւնը:

«Երեք երկիրները կը գիտակցին սուրիական տագնապը քաղաքական միջոցներով լուծելու անխուսափելիութեան, ինչպէս նաեւ կը գիտակցին, որ այդ հոլովոյթին մէջ վճռորոշ խօսքը պէտք է պատկանի նոյնինքն սուրիացիներուն», յայտնեց Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով՝ աւելցնելով, որ երեք նախագահները բանակայիններէն մանրամասնութիւններ լսելէ ետք՝ քննարկած են Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն մէջ տիրող կացութիւնը եւ ապահովական գօտիներ հաստատելու աշխատանքին ընդարձակումը:

Մօտիկ աղբիւրներ կը յայտնեն, թէ Իրանի նախագահ Հասան Ռոհանի շեշտած է, որ Թուրքիոյ կողմէ գրաւուած Սուրիոյ Աֆրին քաղաքը պէտք է ամենականուխ առիթով Սուրիոյ իշխանութիւններուն յանձնուի։

Յիշեցնենք, որ նման վեհաժողով մը նաեւ տեղի ունեցած էր անցեալ Նոյեմբերին, Ռուսիոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.