2018-04-05 09:46:00

Արամ Ա Կաթողիկոսին Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին հայող յօդուածը «Օսերվաթորէ Ռոմանօ» օրաթերթին մէջ:


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 5 ապրիլ 2018-ին, Վատիկանի «Օսերվաթորէ Ռոմանօ» օրաթերթին մէջ, Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին արձանին  օծման ու բացման արարողութեան առիթով, որ տեղի կ՝ունենայ Վատիկանի մէջ հինգշաբթի, 5 յունուար 2018-ին՝ կէսօրին, լոյս տեսաւ Արամ Ա  Կաթողիկոսին Սուրբին մասին յօդուածը։

Յայտնենք, թէ վերոնշեալ արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ նախագահութեամբ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետին եւ ներկայութեամբ Հայաստանի հանրապետութեան նախագահ Տիար Սերժ Սարգսենանի, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ Կաթողիկոսին, Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա  Կաթողիկոս վեհափառին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց  ՏՏ Գրիգոր Պետրոս Ի կաթողիկոս Պատրիարքին։

Արամ Ա  կաթողիկոսը յօդուածին մէջ անդրադառնալով Հայոց Պատմութեան Ժ դարուն, որ յատկանշուած է կը գրէ Ան «վանական կեանքի  ծաւալումով եւ նոր վանքերու  եւ  եկեղեցիներուն ծաղկումով ինչպէս  նաեւ հայ գրականութեան հարուստ ստեղծագործութիւնով»։   Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին  կը համարուի հայոց պատմութեան արծաթեայ շրջանին մտաւոր եւ հոգեւոր  կեանքին  եւ քրիստոնեայ աշխարհի ամենէն մեծ եւ անուանի  հոգեւոր կղերականը  գրած է Արամ Ա Վեհափառը ընդհանուր ակնարկ կատարելով Նարեկացիին կենսագրականի մասին ապա անդրադարձած է «Մատեան Ողբերգութեան» գիրգին  նշելով  թէ այդ գիրքը  հարազատ արտայայտութիւնն է  Սուրբին՝ Աստուծոյ հետ հաղորդութեան մէջ մտնելու հարազատ պայքարին ու հաստատելով թէ Նարեկացիին  համար աղօթքը  Աստուծոյ եւ   մարդկութեան միջեւ յարաբերութեան գագաթնակէտն է,   մարմնի եւ հոգիի հզօր բուժումը։

Յօդուածին աւարտին Արամ Ա նշած է, որ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին վախճանած է 1003 թուկանին եւ որուն մասունքները հաւաքուած են  Նարեկի  վանքին մէջ: Մեր օրերուն Նարեկի վանքերէն ոչ մէկը  գոյատեւած  է սակայն Սուրբ Գրիգոր նարեկացին կը շարունակէ ապրիլ իւրաքանչիւր հայու սրտին մէջ իր «յաւիտենական արձանով» գրած է Արամ Ա Կաթողիկոսը:








All the contents on this site are copyrighted ©.