2018-04-04 11:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապի հրապարակային ունկնդրութիւն. Սուրբ Պատարագի փակման ծիսակատարութիւնը:


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 4 ապրիլ 2018-ին, առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ   Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը շնորհեց հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւն, որուն ներկայ եղան հազարաւոր իտալացի եւ օտարերկրեայ ուխտաւորներ:

Նորին Սրբութեան հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան նիւթը եղաւ Սուրբ Պատարագի փակման ծիսակատարութիւնը:

Ան նշեց որ Սուրբ հաղորդութեան ճաշակումէն ետք՝ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը կʼեզրափակուի պատարագիչ քահանային ժողովուրդին տուած օրհնութեամբ՝ նկատել տալով որ ինչպէս Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը սկիզբ կʼառնէ Յանուն Հօր եւ Որդւոյ եւ Հոգւոյն Սրբոյ խաչակնքումով, նոյնպէս արարողութիւնը կʼաւարտի յանուն Սուրբ Երրորդութեան։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ, որ Սուրբ Պատարագի արարողութեան աւարտին սկիզբ կʼառնէ քրիստոնէական վկայութեան յանձնառումը:

Քրիստոնեայ հաւատացեալը եկեղեցիէն դուրս կʼելլէ՝ խաղաղութեամբ ընթանալու եւ Աստուծոյ օրհնութիւնը առօրեայ աշխատանքներուն մէջ տանելու համար, «առօրեայ կեանքով փառաբանելու զԱստուած բնակարաններուն, աշխատանքային շրջանակներուն եւ երկրային զբաղմունքներուն մէջ», ըսաւ Նորին Սրբութիւնը, նկատել տալով, որ Սուրբ Հաղորդութեան միջոցաւ Տէրը մեր մէջ մուտք կը գործէ. Ան մեր սրտերէն ու մեր մարմնէն ներս մուտք կը գործէ, որպէսզի կարենանք մեր կեանքին մէջ հաւատքով արտայայտել ընկալուած խորհուրդը։

Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ որ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը իր լրումը կը գտնէ շօշափելի եւ առարկայական ընտրութիւն կատարելու մէջ - ընդգծելով, որ պէտք չէ մոռնանք որ Սուրբ Պատարագի արարողութեան կը մասնակցինք՝ սորվելու եւ դառնալու համար հաղորդակցութեան այր մարդիկ ու կիներ – այսինքն,  լուսաբանեց Սրբազան Հայրը, թոյլ տալ Քրիստոսի որ ներգործէ մեր աշխատանքներէն ներս, որպէսզի Քրիստոսի մտածումները մե՛ր մտածումները դառնան,  Յիսուսի զգացումները՝ մե՛րը ըլլան, եւ Տիրոջ ընտրանքները՝ մե՛ր ընտրանքները դառնան։ Օրինակ բերելով Սուրբ Պօղոսի կեանքի փորձառութիւնը, Սրբազան Պապը աւելցուց, թէ ա՛յն չափով որ մեր մէջ անձնասիրութիւնը կը սպանենք՝ նո՛յն չափով մեր մէջ տեղ կը բանանք Սուրբ Հոգիի զօրութեան։

Ապա, Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Սուրբ Պատարագի փակման ծիսակատարութեան, դիտել տալով որ Սուրբ Հաղորդութիւնը կը պահպանուի տապանակին մէջ, հիւանդներու համար, եւ լռութեան մէջ զԱստուած փառաբանելու համար։ Ան աւելցուց՝ «Սուրբ Պատարագի ծիսակատարութենէն անդին, Սուրբ Հաղորդութեան պաշտամունքը՝ ըլլա՛յ անհատական ըլլա՛յ հասարակաց աղօքքով, մեզի կʼօգնէ Քրիստոսի մէջ մնալու»։

Սուրբ Պատարագի պտուղները նպատակաուղղուած են ամենօրեայ կեանքին մէջ հասունանալու, մեր սրտերուն մէջ վառելով Աստուածային հուրը։ Սուրբ Հաղորդութիւնը մեզ մեղքէն հեռու կը պահէ, ըսաւ Սրբազան Հայրը հաստատելով՝ «ի՛նչքան աւելի Քրիստոսի կեանքին մասնակից կը դառնանք եւ Անոր բարեկամութիւնը կը մշակենք, ա՛յդքան աւելիով դժուարին կը դառնայ բաժնուիլ Քրիստոսէն։ Սուրբ Հաղորդութեան յաճախակի մերձեցումով կʼամրապնդուի եւ կը խորացուի քրիստոնեայ հասարակութեան հետ մեր կապը՝ Եկեղեցւոյ աւանդած Սուրբ Հաղորդութեան վարդապետութեան համաձայն։

Վերջապէս, ըսաւ Սրբազան Հայրը, Սուրբ Պատարագի արարողութեան մասնակցութեամբ յանձնառու կը դառնանք աղքատներու նկատմամբ, կը դաստիարակուինք Քրիստոսի մարմինէն՝ անցնելու աղքատներու մարմնին, որոնց մէջ Քրիստոս կը սպասէ մեր կողմէ ծառայութիւն ստանալու, սիրուելու եւ պատուուելու։

Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակային ունկնդրութիւնը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով Աստուծոյ, որ մեզի շնորհեց Սուրբ Պատարագը, որպէս զի զայն կատարենք միասնաբար, հրաւիրելով որ մենք մեզի թոյլ տանք՝ վերանորոգուած հաւատքով հրապուրուելու Յիսուսի սոյն իսկական հանդիպումէն, որ մեռաւ եւ յարութիւն առաւ մեզի համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.