2018-04-04 07:45:00

Վատիկանի մէջ ամէն ինչ պատրաստ է Նարեկացիի արձանի օրհնութեան արարողութեան համար։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի 5 ապրիլ 2018-ին, Վատիկանի Պարտէզներուն մէջ բացումը պիտի կատարուի՝ 10-րդ դարու հայ բանաստեղծ, փիլիսոփայ եւ աստուածաբան՝ Գրիգոր Նարեկացիի արձանին։

Բացման արարողութիւնը պիտի գլխաւորէ նոյնինքն Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ հինգշաբթի 5 ապրիլի ժամը 12-ին, մասնակցութեամբ ՀՀ վսեմաշուք նախագահ Տիար Սերժ Սարգսեանի, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոս՝ Գարեգին Բ, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոս Արամ Ա եւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Կաթողիկոս-պատրիարք՝ Գրիգոր Պետրոս Ի, ինչպէս նաեւ անոնց ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն։

Պրօնզէ արձանը գործն է 77 ամեայ Ֆրանսահայ քանդակագործ Ճարտարապետ Դաւիթ Երեւանցիի (Պապայան)՝ որ քանդակը ծրագրած է, Յունիս 2016-ին՝ Ֆրանչիսկոս Պապին Հայաստան կատարած առաքելական այցելութեան առթիւ Նախագահ Սարգսեանի  Անոր նուիրուած «արձանիկի» նմուշին վրայ։ Արձանը ունի 2 մեթր բարձրութիւն։ Գրիգոր Նարեկացին պատկերացուած է տպաւորիչ մօրուքով, գլուխը վեր բարձրացուցած, գիրքի, նուռի եւ հայկական եկեղեցիներու կերպարներով։

Արձանի իրագործումը, որ Քահանայապետին նուիրուած է Նախագահ Սարգիսեանի կողմէ,  երաշխաւորած են Սուրբ Աթոռի Մօտ ՀՀ Արտակարգ լեւ Լիազօր դեսպան՝ Վսեմաշուք Միքայէլ Մինասեան եւ անոր բարեկամը՝ Արթուր Ջանիբեկեանը։  Արձանէն արտադրուած են երկու օրինակներ՝ մին տեղադրուեցաւ Վատիկանի այգիներուն մէջ, իսկ միւսը սահմանուած է Էջմիածնի Կաթողիկոսարանին՝ որպէս տիպար ու պատգամ երկու քոյր եկեղեցիներու միջեւ  եղբայրական կապին։

Նշենք, որ 2015-ի ապրիլ 12-ին, Ֆրանչսիկոս Սրբազան Քահանայապետ, Հայոց բիւրաւոր նահատակներու յիշատակին Սուրբ Պետրոսի մէջ մատուցած պատմական հանդիսաւոր Սուրբ Պատարագի  ընթացքին,  Գրիգոր Նարեկացիին շնորհած էր   «Եկեղեցւոյ վարդապետ» տիտղոսը, զայն դասելով Տիեզերական Եկեղեցւոյ 36 վարդապետներու շարքին, անոր անմահ «Մատեան ողբերգութեան» ստեղծագործութեամբ։

Այդ  կարեւոր իրադարձութիւնը  աւելիով ամրապնդեց հայ եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու միջեւ համամիութենական կապերը։

Այս երկրորդ անգամն է որ Ֆրանչիսկոս Պապին շնորհիւ հայ ազգի պետական ու եկեղեցական բարձրագոյն ղեկավարներն ու հովուապետերը միասնաբար կը համախմբուին Վատիկանի մէջ, մեծարելու, յարգանքի տուրք մատուցելու եւ անմահացնելու հայ ազգի պանծալի զաւակի մը տաղանդն ու յիշատակը։

«Եկեղեցւոյ Վարդապետ» տիտղոսը ընդհանրապէս կը  շնորհուի հոգեւորականներու որոնք իրենց կեանքի ընթացքին իրենց կենցաղով եւ աստուածաբանական գործերով բացառիկ դեր մը ունեցած են եկեղեցւոյ կեանքէն ներս։

Տիտղոսի տուչութիւնը սկիզբ առած է 1298 թուականին։ Տիտղոսը կը շնորհուի  Քահանայապետի կողմէ միայն բացառիկ կերպով ու  Եկեղեցւոյ երկհազարամեայ պատմութեան մէջ «Եկեղեցւոյ Վարդապետի»  տիտղոսը շնորհուած է 36 հոգեւորականներու՝ առաջինը եղած է Աթանաս Աղեքսանդրացին ու վերջինը Գրիգոր նարեկացին։

Սկզբնական շրջանին՝ տիտղոսը շնորհուած է միայն Արեւմտեան Եկեղեցւոյ հոգեւորականներուն մինչ 1568-ին «Եկեղեցւոյ Վարդապետ» կը հռչակուին նաեւ Արեւելեան Եկեղեցւոյ պատկան հոգեւորականներ ու Հայրեր ինչպէս եղաւ պարագան՝ Մեծն Սուրբ Բարսեղին։  1970 թուականին Երանելի Պօղոս Զ Պապը առաջին անգամ ըլլալով տիտղոսը շնորհեց կիներու՝ Սիենայի Սրբուհի Կատարինէի եւ Աւիլացի Սրբուհի Թերեզայի։

2015-ի  ապրիլին՝ Ֆրանչիսկոս Պապը «Եկեղեցւոյ Վարդապետ»ի տիտղոսը շնորհեց հայ նշանաւոր վանական Գրիգոր Նարեկացիին։

Նարեկացին՝ հայ միջնադարեան հոգեւորական, քրիստոնեայ աստուածաբան, բանաստեղծ, երաժիշտ եւ փիլիսոփայ է։ Ան  կը համարուի հայ գրականութեան վերածննդեան հիմնադիրը, Հայ վերածննդեան փիլիսոփայական միտքի գագաթը։

Ծնած է Վասպուրական նահանգի Ռշտունի գաւառի Նարեկ գիւղին մէջ։  Որպէս ուսուցիչ կունենայ նախ՝ իր հայրը խոսրով Անձեւացին եւ հօրեղբայրը։

Գրիգոր Նարեկացիի գործերէն մեզի հասած են, իր հռչակաւոր «Մատեան Ողբերգութեան»ը (քսանհինգ բանաստեղծութիւններ եւ ձօներ)։ Դաստիարակչական հզօր ստեղծագործական իր ուժով, ան կը դառնայ հայկական միջնադարի մեծագոյն բանաստեղծը։ Իր ազդեցութիւնը զգալի է յաջորդող բոլոր դարաշրջաններու բանաստեղծութեան վրայ՝ մինչեւ մեր օրերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.