2018-04-04 09:06:00

Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեանի աշխատանքային այցը Գերմանիա


Ապրիլ մէկին Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութիւն կատարած աշխատանքային այցի ծիրէն ներս ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեանի ուղեկցութեամբ ներկայ  գտնուած է Յիսուս Քրիստոսի Հրաշափառ Յարութեան տօնին առիթով տեղի ունեցած Սբ. Պատարագին, որ մատուցած է Գերմանիոյ հայոց թեմի առաջնորդական տեղապահ Հոգեշնորհ Տէր Սերովբէ վարդապետ Իսախանեան:

Պատարագէն ետք նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Քեօլնի Սբ Սահակ-Մեսրոպ եկեղեցւոյ մէջ մասնակցած է Արցախեան ազատագրական շարժման 30 ամեակին նուիրուած ձեռնարկին: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Գերմանիոյ Դաշնային Հանրապետութեան մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան հովանաւորութեամբ եւ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմի, Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդի, Գերմանիոյ Հայ գործարարներու միութեան, Քեօլնի հայ համայնքի եւ «Սիլվա Կապուտիկեան» կանանց միութեան կողմէ:

Ձեռնարկին ներկայ եղած է Արցախի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովի պատուիրակութիւնը` փոխնախագահ Վահրամ Բալայեանի գլխաւորութեամբ:

Բացման խօսքով հանդէս  եկած է Գերմանիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեան: Ելոյթ ունեցած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան ԱԺ փոխնախագահ Վահրամ Բալայեան:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս  եկած է ՀՀ սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան: Շնորհաւորելով ներկաները Սուրբ Յարութեան հրաշափառ տօնին առթիւ` նախարար Հրանոյշ Յակոբեան նշած է, որ հայ ժողովուրդի պատմութիւնը յարութիւն առած ազգի պատմութիւն է, որ, անցնելով Ցեղասպանութեան գողգոթան, իր ամենաողբերգական ժամանակը դարձուց յաղթանակի ժամանակ:

Անդրադառնալով Արցախեան ազատագրական շարժման` Սփիւռքի նախարարն ընդգծած է, որ Արցախի ազատագրական պայքարի առաջին իսկ օրերէն մեր ժողովուրդը կրցաւ համախմբուիլ, բռունցքուիլ, շարժումը դարձաւ դարերով հայ ժողովուրդի մէջ խտացած ազատութեան, միաւորման կանչը, արթնցուց ողջ հայութիւնը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ Սփիւռքի մէջ: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, անդրադառնալով Արցախի ներկային, նշած է, որ  այն այսօր իր ժողովրդավարական համակարգով, իրականացուող ընտրութիւններու թափանցիկութեամբ եւ օրինականութեամբ, պետական հիմնարկներով կայացած պետութիւն է:

«Հպարտութեամբ պէտք է նշել, որ սփիւռքահայերի, մեր դիւանագէտների աշխատանքի շնորհիւ ԱՄՆ-ում 6 նահանգ, Աւստրալիային Նոր Ուելս նահանգը ճանաչեցին Արցախի Հանրապետութիւնը: Այսօր, ի հարկէ, Ղարաբաղեան հիմնահարցը միջազգային հանրութեան սեղանին ու օրակարգում է, խնդրի խաղաղ լուծման գործընթացը կարգաւորւում է Մինսկի խմբի ձեւաչափով, սակայն մենք լաւ գիտենք, որ գործ ունենք տմարդի հակառակորդի հետ: Այս առումով մեր հայրենակիցները պէտք է շարունակեն իրենց բնակութեան երկրների տեղական, նահանգային իշխանութիւններին ներկայացնել Ղարաբաղեան հիմնահարցը` օգտագործելով նաեւ լոպինկի ճկուն զինանոցը: Մեզ համար Արցախեան հիմնախնդրի լուծման ճանապարհին բանակցութիւններն այլընտրանք չունեն»,-ընդգծած է Սփիւռքի նախարարը:

Ձեռնարկի աւարտին նախարար Հրանոյշ Յակոբեան Գերմանիոյ Հայ գործարարներու միութեան նախագահ Մուրադ Աքիւզին, միութեան խորհուրդի անդամներուն եւ Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդի վարչութեան նախագահ Շաւարշ Յովասափեանին յանձնած է նախարարութեան պարգեւներ:

Ապրիլ 2-ին Գերմանիա աշխատանքային այցի ծիրէն ներս Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպած է Քեօլնի հայ համայնքի վարչութեան անդամներուն: Նախարարը կարեւորած է համայնքի կազմակերպուածութիւնը, համայնքի վարչութեան անդամներու կատարած աշխատանքը: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան յորդորած է համայնքին մէջ սրբօրէն պահպանել մայրենի լեզուն, հայ ինքնութիւնն ու կապը Հայրենիքի հետ, աշխուժօրէն մասնակցիլ նախարարութեան «Արի տուն», «Սփիւռք» ամառնային դպրոց ծրագիրներուն, «Իմ Հայաստան» փառատօնին,  «Հայապահպանութեան գործին մէջ նշանակալի աւանդի համար» մրցանակաբաշխութեան, յուլիս 6-8 կայանալիք համահայկական երիտասարդական հաւաքին:

Սփիւռքի նախարարը հանդիպած է Գերմանահայ գործարարներու միութեան անդամներուն: Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են Հայաստանի մէջ ներդրումային միջավայրին, հնարաւորութիւններուն ու հեռանկարներուն, զբօսաշրջութեան զարգացման առնչուող հարցեր: Նախարար Հրանոյշ Յակոբեան հանդիպում  ունեցած է նաեւ  Գերմանահայոց կեդրոնական խորհուրդի անդամներուն հետ: Հանդիպման առանցքին  եղած են Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան հռչակման 100, Էրեբունի-Երեւանի հիմնադրման 2800 ամեակներուն նուիրուած տօնակատարութիւններու իրականացումը ինչպէս Հայաստանի, այնպէս ալ Սփիւռքի հայ համայնքներուն մէջ:

Ապրիլ 3-ին Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան այցելած է Պոխումի համալսարանի «Սփիւռք եւ ցեղասպանութիւն» հետազօտութիւններու կեդրոն եւ հանդիպում ունեցած  կեդրոնի ղեկավար Միհրան Տապաղի հետ: Երկուստեք կարեւոր համարուած է Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման, դատապարտման, հետեւանքներու վերացման գործընթացքը:








All the contents on this site are copyrighted ©.