2018-04-04 09:14:00

Աշխարհի մտաւորականները կ՝արձագանգեն Թուրքիոյ մէջ ուսանողներու ձերբակալման երեւոյթին


Աշխարհի 37 երկրի 1250 մտաւորականներ արշաւ սկսած են՝ ի պաշտպանութիւն Թուրքիոյ Պողազիչի (Պոսֆոր) համալսարանի ուսանողներու, որոնք ձերբակալուած էին Աֆրինի մէջ Թուրքիոյ գործողութիւններու դէմ բողոքելու համար։ Այս մասին, ըստ Ermenihaber.am-ի, կը հաղորդէ Cumhuriyet-ը։

Արշաւի մասնակիցներէն են աշխարհահռչակ լեզուաբան, փիլիսոփայ եւ գրող Նոամ Չոմսքին (Խոմսքի), կին փիլիսոփայ Ճուտիթ Պոաթլըրը, հասարակական գործիչ Տէյվիտ Տրեպըրը, կենսաբան, նոպէլեան մրցանակի դափնեկիր Էրիք Վիշաուսը եւ ուրիշներ։

Վերջիններս նամակ յղած են Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ գտնուող Թուրքիոյ հիւպատոսարաններուն, ՄԱԿ-ին, Եւրոմիութեան պաշտօնեաններուն, ինչպէս նաեւ Պողազիչի համալսարանի ղեկավարին, ուր կոչ եղած է ազատ արձակելու ուսանողները։

Նամակին մէջ մտաւորականները խօսք տուած են, որ իրենց ձեռքին տակ եղած բոլոր լծակներով, ներառեալ սեփական հնարաւորութիւններով, պիտի աջակցին ուսանողներուն։

Աւելի շուտ, բրիտանական «Amnesty International» իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը՝ նոյն նպատակով հրատապ արշաւ սկսած էր։

Յիշեցնենք, որ Մարտ 19-ին, Պողազիչի համալսարանի խումբ մը ուսանողներ հանգստապատառ բաժնած են՝ ի պատիւ Աֆրինի մէջ թրքական ուժերու յաղթանակին։ Այդ երեւոյթէն վրդովուած՝ ուսանողներու այլ խումբ մը բողոքած են նման քայլի դէմ՝ յայտարարելով, որ բռնագրաւման եւ կոտորածի պատուին հանգստապատառ բաժնելը ճիշդ չէ։

Միջադէպէն օրեր անց՝ ելոյթ ունեցած Թուրքիոյ նախագահ Ռէճեփ Թայիփ Էրտողանը յայտարարած էր, որ այդ ուսանողները ահաբեկիչներ են եւ կը հեռացուին համալսարանէն։ Այնուհետեւ, Մարտ 22-23-ին, Աֆրինի գործողութիւններուն դէմ բողոքած ուսանողները ձերբակալուած էին։








All the contents on this site are copyrighted ©.