2018-04-03 09:32:00

97 առ հարիւր քուէներուն Սիսի վերընտրուեցաւ Եգիպտոսի Նախագահ։


Եգիպտոսի Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը յայտարարեց, որ գործող նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի յաղթանակ արձանագրած է` ստանալով քուէներուն 97 առ հարիւրը եւ ապահոված երկրորդ նստաշրջան մը, որ պիտի երկարի մինչեւ 2022:

Յանձնախումբը յայտնեց, որ մասնակցութեան համեմատութիւնը 41 առ հարիւր էր:

Ընտրութեան արտասահմանի մէջ մասնակցած է 157.060 քուէարկող, իսկ Եգիպտոսի մէջ` 24.097.092 քուէարկող:

Սիսի ստացած է 21.835.837 քուէ, ինչ որ քուէներուն 97,08 առ հարիւրն է:

Անոր միակ մրցակիցը` Մուսա Մուսթաֆա Մուսան ստացած է 665.000 քուէ, ինչ որ քուէներուն 2,92 առ հարիւրն է:

Յանձնախումբը որեւէ բողոքագիր չէ ստացած, ուստի Սիսին յայտարարած է հանրապետութեան նախագահ:

Յիշեցնենք, որ ընտրութիւնը սկսած էր 26 մարտին եւ երկարած երեք օրերու վրայ:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ շնորհաւորեց Սիսին:








All the contents on this site are copyrighted ©.