2018-04-02 11:54:00

13 տարիներ առաջ իր Հոգին աւանդեց առ Հայր՝ Յովհաննէս Պօղոս Բ Սուրբ Քահանայապետը։


(Ռատիօ Վատիկան) 13 տարիներ առաջ՝ 2 ապրիլին, Սուրբ Պետրոսին յաջորդ՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետը, երկար հիւանդութենէ մը ետք, վերադարձաւ Երկնաւոր Հօր տուն։ Ան իր մահկանացուն կնքեց Վատիկանի մէջ, 2 Ապրիլ 2005ին, երեկոյեան ժամը 9։37ին։ Անոր կեանքի վերջին օրերուն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակը լի էր հաւատացեալներով, որոնք ուզեցին իրենց մօտիկութիւնը արտայայտել բոլորէն սիրուած սուրբ Քահանայապետին ու անոր աղօթքով ընկերանալ կեանքէն հրաժեշտի պահուն։

Մի քանի օրեր ետք Անոր յուղարկաւորութեան մասնակցեցան 2 միլիոնէ աւելի հաւատացեաներ։ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի մահուան հինգերորդ տարելիցին առթիւ Անոր յաջորդը՝ Պենետիկտոս  ԺԶ արտօնեց անոր երանելիութեան դատին բացումը, ապա 1 Մայիս 2011-ին, զայն երանելի հռչակեց Ս. Պետրոսի հրապարակը խուժած մէկ միլիոն հաւատացեալներու ներկայութեամբ: Ապա 27 ապրիլ 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը զայն դասեց Սուրբերու շարքին։








All the contents on this site are copyrighted ©.