2018-04-01 12:19:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Զատկական «Ուրպի Էթ Օրպի» պատգամը»


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ մատուցած Զատկական հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը,  Սուրբ Պետրոսի կեդրոնական պատշգամէն, համայն աշխարհին ուղղեց ''Urbi et Orbi – Հռոմ քաղաքին ու  աշխարհին'' աւանդական պատգամը ապա շնորհեց իր  առաքելական օրհնութիւնը։ 

Նորին Սրբութիւնը պատգամը սկսաւ ըսելով «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ. Յիսուս Յարութիւն առաւ մեռելներէն»։

Նոյնինքն Յիսուս յայտնած էր իր մահն ու յարութիւնը «ցորենի հատիկի»  առակին միջոցաւ. Եթէ Ցորենի հատիկը Հողին մէջ չ՛իյնայ եւ չի մեռնի ինք միակ կը մնայ, իսկ եթէ մեռնի շատ արդիւնք կու տայ» (Յովհ 12,24) - ըսաւ Քահանայապետը ու հաստատեց  թէ «Ահա այս է որ պատահեցաւ». Մենք Քրիստոնեաներս գիտակից ենք թէ Քրիստոսի Յարութիւնը աշխարհի իսկական յոյսն է՝ այն յոյսը որ չի խափեր։ Ան ունի ցորենի հատիկի ուժը՝ սիրոյ ուժը որ կը խոնարհի ու կը նուիրուի մինչեւ վերջ, ապա կը վերանորոգէ աշխարհը, ու այդ կ՛ընէ նաեւ այսօր։ Ան իր հետ կը բերէ յոյսի եւ արժանապատւութեան պտուղը։

Ասոր համար մենք այսօր կը հայցենք խաղաղութեան պտուղը համայն աշխարհին համար, սկսեալ մարտիրոս ու սիրեցեալ Սուրիայէն, որուն բնակչութիւնը «սպառած» է վերջ չունեցող պատերազմի մը հետեւանքով։ Այս Զատկուայ առթիւ, թող որ Յարուցեալ Քրիստոսին լոյսը լուսաւորէ բոլոր քաղաքական ու զինուորական պատասխանատուներուն խիղճերը, «որպէսզի անմիջապէս վերջ դրուի տեղի ունեցող ջարդին, յարգուի մարդկային իրաւունքը ու ապահովուին մարդասիրական օգնութիւններուն մատակարարումը», ըսաւ Սրբազան Պապը ապա ակնարկեց Սուրբ Երկրին որուն համար հայցեց «հաշտութիւն». Հաշտութիւն նաեւ Եմենի ու համայն Միջին Արեւելիքին համար որպէսզի երկխօսութիւնը ու փոխադարձ յարգանքը  գերակշռեն բաժանումներու եւ բռնութեան վրայ։

Սրբազան Քահանայապետը ապա հայցեց յոյսի պտուղներ՝ անոնց համար որոնք կը ձգտին արժանավայել կեանքի, յատկապէս Ափրիկեան ցամաքամասին մէջ, ուր կը տիրէ անօթութիւնը, ահաբեկչութիւնը ու հակամարտութիւն։ Հարաւային Սուտանը ուր պատերազմի թիրախները յատկապէս մանուկներն են։ Ապա  հայցեց երկխօսութեան պտուղներ ու կոչ ըրաւ բոլոր պատասխանատուներուն գործելու իմաստութեամբ ու զատորոշումով՝ խթանելու համար Քորէացի ժողովուրդին հասարակաց բարիքը ու կառուցելու վստահութեան յարաբերութիւններ։ 

Ապա խաղաղութեան պտուղներ խնդրեց Ուքրանիոյ համար որպէսզի ամրապնդուին դէպի հաշտութիւն տանող քայլերը ու երաշխաւորուին բնակչութեան յատկացուած մարդասիրական օգնութիւնները։ Մխիթարութեան պտուղներ Վենեզուելլայի ժողովրդին. «Թող որ Յարուցեալին ուժը գտնէ արդար, խաղաղ ու մարդկային ուղին, որպէսզի ելք  գտնուի քաղաքական ու մարդկայնական տագնապին ու չպակսին հիւրընկալութեան ու խնամակալութեան արարքներ ի նպաստ անոնց որոնք ստիպուած են թողուլ իրենց հայրենիքը» ըսաւ Քահանայապետը ու խնդրեց որ «Յարուցեալ Քրիստոս՝ Նոր Կեանքի պտուղներ բերէ մանուկներուն, որոնք պատերազմի ու անօթութեան պատճառաւ, կը մեծնան առանց յոյսի, առանց կրթութեան, առանց առողջապահական խնամակալութեան, ու նաեւ տարեցներուն՝ որոնք «անտեսուած» են, եսասէր մշակոյթի մը կողմէ, որ մէկդի կը դնէ  ամէն ինչ որ «չ՛արտադրեր»։ 

«Իմաստութեան պտուղներ կը հայցենք բոլոր անոնց համար որոնք համայն աշխարհին մէջ ունին քաղաքական պատասխանատուութիւն, որպէսզի միշտ ալ յարգեն մարդկային արժանապատուութիւնը ու նուիրումով աշխատին ի սպաս հասարակաց բարիքին ու իրենց քաղաքացիներուն ապահովեն զարգացում ու անվտանգութիւն», ըսաւ ապա Ֆրանչսիկոս Պապը ու պատգամի աւարտին մատնանշեց օրուան աւետարանական ընթերցումին ու Հրեշտակին գերեզման փութացող կիներուն ուղղած հարցումին «Ի՞նչու ողջ մարդը կը փնտռէք մեռելներու մէջ. Հոս չէ, Յարութիւն առաւ» ։

Յուրութիւնը, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ,ունի վերջին խօսքը որ Աստուծող սիրոյ զօրութեամբ կը յաղթէ չարին, կը լուայ յանցանքները, ու մեղաւորներուն կը վերադարձնէ անմեղութիւնը, տանջուածներուն ուրախութիւն, կը փարատէ ոխը, կը տապալէ հզօրներու կարծրութիւնը ու կը խթանէ համերաշխութիւն եւ խաղաղութիւն։ Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ բոլորիդ։








All the contents on this site are copyrighted ©.