2018-02-28 11:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին 28 փետրուարի հրապարակային ունկնդրութիւնը «Ս. Պատարագ - ընծայաբերում»։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 28 փետրուար 2018-ին, Իտալիան հարուածող խիստ ցուրտի պատճառաւ, ուր ջերմաստիճանի կը նշէր զէրոյէն վար 3, Վատիկանեան իշխանութիւնները որոշեցին Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ նախատեսուած չորեքշաբթի  օրուայ  հրապարակային աւանդական ունկնդրութիւնը կատարել Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, սակայն ուխտաւորներու մեծ թիւին պատճառաւ հաւատացեալներու մեծ մաս մըն ալ հիւրակալեցին Սուրբ Պետրոսի Պազիլիքային մէջ ինչպէս յայտնեց Սրբազան Հայրը ունկնդրութեան սկիզբը, հրաւիրելով  Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գտնուող ուխտաւորները ծափահարութեամբ ողջունելու Սուրբ Պետրոսի պազիլիքյաին մէջ գտնուող հաւատացեալները։

Ան ապա շարունակելով մեկնաբանել սուրբ պատարագին մասերը խօսքը կեդրոնացուց «ընծայաբերումին» վրայ նշելով թէ «Խօսքի ծիսակատարութենէն ետք, պատարագը կը շարունակուի Սուրբ Հաղորդութեան ծէսով, որուն ընդմէջէն Եկեղեցին այժմէական կը դարձնէ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի զոհաբերումը Խաչին վրայ»։

Քահանան որ Քրիստոսի ներկայացուցիչն է  կը կատարէ այն ինչ որ Տէրը կատարեց ու հաղորդեց իր աշակերտներուն վերջին ընթրիքի պահուն։ Սուրբ  Հաղորդութեան մասը կը սկսի «ընածայաբերումով»։ Հաւատացեալները արդարեւ կանչուած են իրենք եւս ընծաներ ներկայացնելու Հօր։

Խորանին վրայ Քահանային կողմէ զետեղուած հացի եւ գինիի նշաններուն մէջ կը զետեղուի նաեւ հաւատացեալներու կեանքը, անոնց տառապանքներով, աղօթքներով, աշխատանքով, որոնք միացած  Քրիստոսի չարչարանքներուն ու աղօթքներուն, նոր արժէք մը կը ստանան։

Միւս կողմէ խունկը որ բուրումնաւէտ կը բարձրանայ երկինք կը ներկայացնէ այդ պահի ընծայաբերական իմաստը։ Խաչը, խորանը քահանան եւ ժողովուրդը խնկարկելը տեսանելի նշանն է այն կապին որ կը զօդէ  ընծաները Քրիստոսի զոհաբերումի իրականութեան հետ։

Ապա Քահանան կը խնդրէ Աստուծմէ ընդունիլ Եկեղեցւոյ այդ ընծաները,  որպէսզի մեր կեանքերը փոխակերպուին Սուրբ Հոգիով ու դառնան Քրիստոսի հետ Հօր Աստուծոյ նուիրուած հաճելի միակ ընծայում։

Անձնանուիրումի հոգեւորականութիւնը  որ կը սորվինք Պատարագի այդ հատուածի ընթացքին թող լուսաւորէ մեր օրերը, մեր ուրիշներուն հետ յարաբերութիւնները, մեր գործերն ու մեր տառապանքները որպէսզի - ըսաւ Քահանայապետը խորհրդածութեան աւարտին, մեզ օգնէ Աւետարանի լոյսով կառուցելու երկրային քաղաքը։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի պատկան հաւատացեալները ապ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց երիտասարդներուն, հիւանդներուն ու նորապսակներուն։

«Քառասնորդացը պատեհ առիթ է ամրապնդելու մեր հոգեւոր կեանքը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ հրաւիրելով  երիտասարդները, այս շրջանի ծոմապահութեան ընդմէջէն, աւելիով տիրանալու իրենք իրենց վրայ, ապա հիւանդները քաջալերեց աղօթքի միջոցաւ Աստուծոյ վստահելու իրենց տառապանքները ու Զայն զգալու իրենց աւելի մօտիկ, հուսկ նորապսակներուն յորդորեց ողորմութեան գործերու միջոցաւ իրենց ամուսնական կեանքը սեւեռեն եղբայրներու կարիքներուն։ 

Նշենք թէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ շնորհած ունկնդրութեան աւարտին, ուզեց հանդիպիլ ու յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղել նաեւ Պազիլիքայի մէջ համախմբուած ուխտաւորներուն։  Ան իր ուրախութիւնը յայտնեց զանոնք ընկալելու Սուրբ Պետրոսի պազիլիքային մէջ իւրաքանչիւրին ուղղելով բարի գալուստի մաղթանքը ու ապա միասին աղօթելէ ետք «Ողջոյն Քեզ Մարիամ» աղօթքը ներկաներուն շնորհեց իր առաքելական օրհնութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.