2018-02-28 08:34:00

Սումկայիթի Եղեռնագործութեան 30ամեակի ոգեկոչում՝ Պէյրութի Ս. Նշան Մայր Եկեղեցւոյ մէջ


ՊԷՅՐՈՒԹ.- Նախագահութեամբ Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի, մասնակցութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանութեան եւ ներկայութեամբ հայ յարանուանութիւններու պետերուն, նաեւ պետական, կուսակցական, քաղաքական եւ դիւանագիտական ներկայացուցիչներու Կիրակի, 25 Փետրուարի առաւօտեան, Սումկայիթի եղեռնագործութեան 30ամեակին առիթով, Պէյրութի Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ գտնուող խաչքար-յուշակոթողին դիմաց կատարուեցաւ հանդիսաւոր հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ ծաղկեպսակներու զետեղում՝ ՀՄԸՄի շեփորախումբին եւ սկաուտական շարքերու ընկերակցութեամբ:

Արդարեւ, Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Ս. պատարագի աւարտին, առաջնորդ սրբազան հայրը ուղղեց իր պատգամը: Անդրադառնալով Սումկայիթի եղեռնագործութեան 30ամեակին՝ առաջնորդ սրբազան հայրը յայտնեց, որ այդ առիթը եւս մեզի փոխանցուած սրբազան ժառանգութիւն է, եւ մենք պարտաւոր ենք գուրգուրանքով վարուիլ անոր հետ՝ յիշելով, թէ ինչպէ՛ս Փետրուար 1988ին Սումկայիթով սկիզբ առին Ատրպէյճանի ամբողջ տարածքին ապրող հայ բնակչութեան դէմ եղեռնագործութիւններ, որոնց զոհ գացին հարիւրաւոր հայորդիներ: «Անոնց յիշատակը յարգելը մեր սրբազան պարտականութիւնն է, մանաւանդ երբ կը գիտակցինք, թէ այսօր ալ թուրք-ատրպէյճանական նկրտումները կը փորձեն ո՛չ միայն պատմութիւնը խեղաթիւրել եւ աշխարհին մէջ հայը ներկայացնել իբրեւ ցեղասպան, այլեւ՝ կը սպառնան Արցախի, Հայաստանի ու ամբողջ հայութեան», շեշտեց առաջնորդը։

Այս առիթով, Լիբանանի մօտ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան ելոյթ ունենալով՝ նկատել տուաւ, որ ամէն տարի Փետրուար ամսուն կը նշենք 1988ին ատրպէյճանական խուժանին կողմէ կատարուած Սումկայիթի եղեռնագործութեան զոհերուն յիշատակը եւ մեր յարգանքի տուրքը կը մատուցենք անոր տասնեակ անմեղ զոհերուն: Դեսպանը ըսաւ, որ Սումկայիթը հայ ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամէնէն ցաւալի եւ ողբերգական էջերէն մէկն է, որուն ընթացքին ատրպէյճանցիները վարուեցան վայրագօրէն, ինչ որ բնորոշ է միայն անքաղաքակիրթ ցեղերուն եւ ժողովուրդներուն՝ աւելցնելով, որ երեք օրերու ընթացքին Սումկայիթի խաղաղ բնակչութիւնը ենթարկուեցաւ ծեծի, ջարդերու, սպանութիւններու, նաեւ թալանուեցաւ հայերուն ունեցուածքը, եւ անոնք արտաքսուեցան այն քաղաքէն, որուն ծաղկումին մէջ բերած էին իրենց ներդրումը:

«Ասիկա մեզի համար ապացոյց եղաւ, որ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար պայքարը միշտ խաղաղ միջոցներով չ՛ըլլար, եւ մենք միշտ պէտք է պատրաստ ըլլանք նաեւ զէնքի ուժով ու հաւաքական կամքով պաշտպանելու եւ տէր կանգնելու մեր իրաւունքներուն, որոնք արդարացիօրէն, հերոսաբար եւ նուիրումով իրականացուցինք Սումկայիթի եղեռնագործութեան հետեւած արցախեան ազատագրական շարժման ընթացքին», հաստատեց դեսպան Մկրտչեան՝ աւելցնելով, որ մեր կամքով եւ ուժերով, Արցախի ժողովուրդին, Հայաստանի հայութեան, ինչպէս նաեւ համայն Սփիւռքի միասնական ջանքերով կրցանք յաղթել այդ պատերազմին, ամրապնդել մեր իրաւունքները եւ առ ի պատասխան մեր դէմ գործուած այդ յանցագործութեան մինչեւ այսօր ցոյց տալ համայն աշխարհին, որ Արցախը իրաւունք ունի եւ ի վիճակի է ըլլալու ազատ եւ անկախ պետութիւն, կրնայ զարգանալ եւ ամրապնդել իր իրաւունքները:

Միջին Արեւելքի մէջ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մնայուն ներկայացուցիչ Կարօ Քէպապճեան խօսք առնելով՝ յայտնեց, որ եթէ Սումկայիթի եղեռնագործութենէն 30 տարի ետք մենք հարց տանք մեր նահատակներուն, թէ ի՞նչ է այսօրուան խորհուրդը, անոնք միաբերան կոչ պիտի ուղղեն զինուելու եւ ըլլալու արթուն, դիւանագէտ, ուժեղ, խաղաղասէր եւ վերջնականապէս ո՛չ ըսելու թուրքին: Քեպապճեան ըսաւ, թէ հայը պիտի վստահի իր ամուր զէնքին, հաւատքին: Ան, յիշատակելով Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Սումկայիթի նահատակները՝ կոչ ուղղեց ազգովին ո՛չ ըսելու ջարդին: Կռուելու ու նահատակուելու, սակայն ո՛չ՝ ջարդուելու:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.