2018-02-28 09:33:00

Արեւելեան Ղութայի մէջ Ռուսական զինադադարը մտաւ ուժի մէջ


Դամասկոսի արուարձաններէն Արեւելեան Ղութայի մէջ Ռուսիոյ «մարդասիրական զինադադար»-ը երէկ առաւօտեան մտաւ ուժի մէջ: Առօրեայ զինադադարը կ՛երկարի առաւօտեան ժամը 9:00-էն մինչեւ 14:00, անոր ընթացքին շրջանէն քաղաքայիններու դուրս գալուն համար անցք մը կը բացուի:

Սուրիոյ պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Դամասկոսի արուարձաններէն Արեւելեան Ղութայի մէջ գտնուող զինեալները կրակ բացած են Ուաֆիտին անցքին ճամբով շրջանէն դուրս եկող քաղաքայիններուն վրայ: Ռուսական բանակը իր կարգին հաղորդեց, որ մարդասիրական անցքը կը ռմբակոծուի զինեալներուն կողմէ:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ զինեալ խմբաւորումները համաձայն գտնուած են իրենց զինեալները դուրս բերելու Արեւելեան Ղութայէն:

Միւս կողմէ, «Ռոյթըրզ» հաղորդեց, որ Քիմիական զէնքերու տարածման արգիլման կազմակերպութիւնը Արեւելեան Ղութայի մէջ քիմիական զէնքի կիրարկման մասին տեղեկութեան շուրջ հետաքննութիւն կը կատարէ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.