2018-02-28 09:45:00

«Ուալենպըրկ» հիմնարկը ցաւ կը յայտնէ Քնեսեթի դիրքորոշման համար


Ռաուլ Ուալենպըրկի անուան միջազգային հիմնարկը խոր հիասթափութիւն կը յայտնէ Իսրայէլի խորհրդարանին, ընթացիկ ամսուան սկիզբը Քնեսեթին կողմէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու մասին օրինագիծը մերժուելուն առնչութեամբ:

Ըստ Armenpress.am-ի՝ հիմնարկը այս գծով նամակ մը յղած է Քնեսեթի խօսնակ Եուլի Էտըլշթայնին, որ 2015-ին կոչ ըրած էր կառավարութեան՝ փոխելու դիրքորոշումը Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով:

«Ցաւօք, վերջին տարիներուն այս քուէարկութիւնը կը շարունակուի կրկին ու կրկին, ինչպէս աւանդական ծիսակարգ մը: Սակայն, ամենայն յարգանքով, մենք չենք կրնար այդ մէկը հասկնալ եւ կարելի չէ նոյնիսկ խօսիլ այդ դիրքորոշումը արդարացնելու մասին: Իսրայէլ կը հանդիսանայ ազգային տունը հրէական ժողովուրդին, որ տուժած է աննկարագրելի Ողջակիզումին իբրեւ հետեւանք: Հայ ժողովուրդը կը հաւատայ, որ աշխարհի բոլոր ազգերը, ներառեալ հրէական պետութիւնը, պէտք է ունենան մտաւորական ազնուութիւն եւ հոգեւոր առատաձեռնութիւն՝ հայ ժողովուրդի սարսափելի ողբերգութիւնը ճանչնալու համար: Անշուշտ, Իսրայէլի կառավարութիւնը եւ Քնեսեթը այս հնարաւորութիւնը կորսնցուցած են կրկին անգամ: Գոյութիւն չունի քաղաքական իրականութիւն մը, որ կրնայ ողջամիտ արդարացում ըլլալ այս բանին համար: Պարո՛ն Էտըլշթայն, գիտենք ձեր անձնական աջակցութիւնը Հայոց Ցեղասպանութիւնը ճանչնալու հարցով: Մենք կը գտնենք, որ ամբողջ աշխարհը պիտի ողջունէր Քնեսեթը՝ համարձակ դիրքորոշման մը պարագային, անկախ կարճաժամկէտ քաղաքական նկատառումներէ: Կը ցաւինք, որ ատիկա դեռ տեղի չէ ունեցած», ըսուած է նամակին մէջ, զոր ստորագրած են Ուալենպըրկի անուան հիմնադրամի նախագահ Էտուարտօ Էռնեկեան եւ հիմնադիր Պարուխ Թենենպաում:

Յիշեցնենք, որ Հայոց Ցեղասպանութեան օրը նշելու մասին օրինագիծը Քնեսեթի մէջ քննարկման դրուած էր Փետրուար 14-ին:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.