2018-02-26 13:54:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Հռոմի «Սան Ժելազիօ» ժողովրդապետութեան հովուական այցելութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 26 փետրուար 2018-ին, յետմիջօրէին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հովուական այցելութիւն տուաւ Հռոմի «Փոնթէ Մամմոլօ» շրջանը գտնուող«Սան Ճելազիօ» ժողովրդապետութեան:

Հակառակ տեղատարափ անձրեւոտ օրուան, հազարաւոր հաւատացեալներ համախմբուեցան ժողովրդապետութեան տարածքին մեծ խանդավառութեամբ դիմաւորելով Ֆրանչիսկոս Պապը եւ իրենց երախտագիտութիւնը յայտնելով այդ այցելութեան համար, որ յոյսի պարգեւ մըն է Հռոմի «Ռէպպիա» բանտին մօտակայքը գտնուող այդ թաղամասին համար, որ  մխրճուած է առօրեայ անթիւ հարցերու մէջ, ինչպէս աղքատութիւնը,  ապականումը ու այնտեղ ապրող բազմաթիւ գաղթականներու ընկերութեան մէջ ներառումը։

Սան Ճելազիօ ժողովրդապետութեան մարզադաշտին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպեցաւ ժողովրդապետութեան մանուկներուն, երիտասարդներուն եւ անոնց ընտանիքներուն հետ:

Քրիստոնէականի հետեւող մանուկները Սրբազան Հօր նուիրեցին իրենց պատրաստած նամակներ ու գծագրութիւններ ինչպէս նաեւ գլխարկ մը, որուն   վրայ գրուած էր «մեծ ուրախութեամբ քեզ կը սպասէինք»։ Անոնք ապա Նորին Սրբութեան պատմեցին ժողովրդապետութեան ներքոյ կայացած ու մանուկներուն սահմանուած գործունէութիւններու մասին մինչ Ֆրանչիսկոս Պապ,  ակնարկելով  անձրեւոտ օրուան ու անկէ  օրինակ քաղելով ներկաներուն դիտել տուաւ թէ  կեանքը նման է այն այս օրուան, որովհետեւ անգամներ արեւոտ է սակայն կան նաեւ  ամպոտ օրեր, ապա կու գայ անձերւը, ու գէշ եղանակը։ Քրիստոնեան սակայն պէտք է քաջութեամբ ընթանայ՝ ըլլայ գեղեցիկ, ըլլայ քէշ ժամանկներուն,  ու պիտի ըլլան նաեւ փոթորիկներ…սակայն յառաջ ընթանալու ենք, որովհետեւ Յիսուս մեզ կ՝առաջնորդէ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը  ու թելադրեց միշտ դիմել Քրիստոսին, «Անոր ձեռք բռնեցէք»կրնկեց Քահանայապետը նոյնիսկ երբ սխալի մէջ էք, Ան միշտ պատրաստ է մեզ ներելու վստահեցուց Ան։

Պատանիներուն հետ ունեցած հանդիպումէն ետք Սրբազան Հայրը հանդիպեցաւ ժողովրդապետութեան տարեցներուն ու հիւանդներուն, մէկիկ մէկիկ ողջունելով ներկաները եւ ունկնդրելով անոնց խնդրանքները ու վստահեցնելով իր անոնց յատկացուած աղօթքները։ Ան ապա տարեցներէն խնդրեց, որ երբեք չի դադրին երիտասարդներուն հետ զրուցելէ քաջալերով զանոնք իրենք զիրենք անարժէք չի նկատեն ու «Դուք ըսաւ Սրբազան Պապը, աշխարհի ու եկեղեցւոյ բազուկներն էք,  որ յառաջ կը տանի հուրը»։ Շնորհակալ եմ ձեր տածած գործին համար։ Դուք կը նմանիք կրակին տակ գտնուող մոխիրին, հաւատքի, յոյսի եւ թաքնուած ուրախութեան մոխիրը, որ պէտք եղած ժամանակ կը բռնկի։ Յառաջ տարէք այդ ձեր վկայութիւնն ու առաքելութիւնը յորդորեց Սրբազան Պապը, որ հիւանդներէն ետք հանդիպեցաւ նաեւ ժողովրդապետութեան մէջ խնամուած աղքատներուն հետ ու Քարիթասի կամաւորներուն հետ ապա խոստովանանքի խորհուրդը մատակարարելէ ետք ժողովրդապետութան եկեղեցւոյ մէջ մատուցեց Սուրբ Պատարագ, որուն առթիւ արտասանած քարոզին մէջ վերահաստատեց, թէ դժուարութեան ժամանակէ ետք է միշտ մտածենք, թէ Յիսուս մեր մօտն է ու թէ Ան երբեք մեզ միայնակ չի թողուր։

Սրբազան Հայրը Սուրբ Զոհի աւարտին, Եկեղեցւոյ մուտքին հրաժեշտի խօսք ուղղելով հաւատացեալներուն շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ու յորդորեց աղօթել մէկը միւսին համար, ապա բոլորին վրայ հայցեց Ամենակալին օրհնութիւնները ու ինչպէս միշտ խնդրեց, որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.