2018-02-26 13:00:00

«Ուրիշները մի դատէք» Ֆրանչիսկոս Պապին քարոզը։


 (Ռատիօ Վատիկան) Հրաւէր ուրիշները չի դատելու ապա ներելու մերձաւորին ու խնդրելու սեփական մեղքերու  համար ամօթի շնորհքը» ասոնք եղան Սրբազան Քահանայապետին՝ երկուշաբթի 26 փետրուար 2018-ի առաւօտեան Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած սուրբ պատարագի ընթացքին արտասանած  քարոզին առանցքը կազմող նիւթերը։

«Մի դատապարտէք եւ պիտի չի դատապարտուիք»  Ղուկաս աւետարանիչէն քաղուած օրուան աւետարանական ընթերցումի այս հատուածէն մեկնելով է որ Սրբազան Քահանայապետը հրաւէր ուղղեց չի դատելու ուրիշները այլ զանոնք  ներերու, դիտել տալով թէ ուրիշը դատելը լաւ բան չէ որովհետեւ միակ դատաւորը Տէրն է որ լաւապէս կը ճանչնայ մարդը։ 

«Եղէք ողորմած ինչպէս ձեր երկնաւոր Հայրը ողորմած է» կրկնեց ապա Սրբազան Պապը հրաւիրելով ըլլալ նաեւ վեհանձն ու հետեւիլ Աւետարանի խօսքերուն «տուէք եւ պիտի տրուի ձեզի», առատաձեռն գտնուելով ուրիշներուն հետ որպէսզի ապա վայելենք Տիրոջ ողորմածութիւնը։

Նորին Սրբութիւնը ապա դիտել տուաւ թէ քառասնորդաց շրջանի ընթացքին եկեղեցւոյ պատգամը այն է՝ Աստուծոյ հետ ունենալ հեզաբարոյ վարուելակերպ որ  կը նշանակէ ճանչնալ մեր մեղաւոր իրավիճակը, ան գիտակցութեամբ թէ Աստուծոյ արդարութիւնը ողորմութիւն է։ «Երբ Աստուծոյ արդարութիւնը կը հանդիպի մեր ամօթին, այնտեղ կը ծագի ներումը» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու հրաւիրեց հայցել ամօթ զգալու շնորհքը,  Աստուծոյ վերապահելով արդարութիւնն ու դատողութիւնը ու մեզի համար ամօթը։








All the contents on this site are copyrighted ©.