2018-02-24 13:09:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Պոսնիա-Հերցեկովինայի նախագահական յանձնաժողովի անդամները։


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ 24 փետրուար 2018-ին Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը որուն մէջ նշեց թէ այսօր առաւօտեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, առաքելական պալատին մէջ,  ունկնդրութիւն շնորհեց  Պոսնիա-Հերցեկովինայի նախագահական յանձնաժողովի անդամներուն, որոնք ապա հանդիպում ունեցան Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ կարդինալ Փարոլինի հետ որուն կ՛ընկերանար Պետութիւններու հետ յարաբերութիւններու քարտուղարը՝ գերապայծառ Փոլ Կալլակէր։

Սիրալիր  խօսակցութիւններու ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի բարի յարաբերութիւնները ու վերանորոգուեցաւ յանձնառումը՝ ընթանալու կառուցողական համագործակցութեան ուղիով, ամրապնդելով երկխօսութիւնն ու միջ կրօնական յարաբերութիւնները։

Զրոյցներու ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ շրջանի իրականութեան որ յատկանշուած է ընկերային ու տնտեսական զանազան մարտահրաւէրներով ու մատնանշուեցաւ ձեռնարկներ ծրագրելու հրատապութիւնը՝ ապագայ մը ապահովեցնելու համարդ նոր սերունդներուն։ Ընդգծուեցաւ նաեւ բարեկարգումներու գործընթացը շարունակելու կարեւորութիւնը՝ երկրին Եւրոմիութեան անդամակցութեան հեռանկարով, ինչպէս նաեւ ապահովելու ժողովուրդներու հաւասարութիւնը, հաշտութեան մթնոլորտի մէջ խթանելով խաղաղ համակեցութիւնը։

Ի վերջոյ անդրադարձ կատարուեցաւ քաղաքական հարցերու շուրջ եւ տարածաշրջանի պետութիւններու միջեւ համագործակցութեան կարեւորութեան մասին։








All the contents on this site are copyrighted ©.