2018-02-24 08:01:00

9 եւ 10 Մարտին կը կայանայ «24 ժամ Տիրոջ համար» նախաձեռնութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Տարւոյս մարտի 9ին եւ 10ին, աշխարհի չորս ծագերուն բոլոր եկեղեցիները բաց պիտի պահուին առանց ընդհատումի, որպէսզի հաւատացեալներուն առիթ ընծայուի խոստովանանքի եւ Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան։ Նաեւ Իտալիոյ բանտերուն մատրանապետերը տրամադրելի պիտի ըլլան բանտարկեալներուն։ Այս նախաձեռնութիւնը, որ կը կոչուի «24 ժամ Տիրոջ համար», եւ արդէն մեծ արձագանգ գտած է վերջին չորս տարիներուն։
Այս առիթով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հանդիպում մը պիտի ունենայ «ողորմածութեան առաքեալներու» հետ, որոնք Սրբազան Պապի կամքով հինգ ցամաքամասերու վրայ կը մատակարարեն Խոստովանանքի խորհուրդը։

Յիշեալ նախաձեռնութիւնը միշտ աւելի խոր կը թափանցէ Եկեղեցւոյ սրտէն ներս եւ կը վերածուի Քառասնորդացի կարեւոր մէկ մաս։

Այս առիթով գերապայծառ Ռինօ Ֆիզիքելլա, նախագահը Նոր Աւետարանումի խթանման Քահանայապետական Խորհուրդի, որուն յանձնուած է նախաձեռնութեան իրագործումը, նկատել կու տայ, թէ «Յոբելենական տարւոյն ընթացքին, շօշափելի կերպով նկատեցինք, թէ մեր ժողովուրդը կարիքն ունի ողորմածութեան։ Ներումի փորձառութիւնը անկասկածօրէն ամենէն գեղեցիկ փորձառութիւններէն մին է որ կրնանք ունենալ մեր կեանքին մէջ։ Սակայն եթէ մենք այդ չխնդրենք իբր Հօր պարգեւը, եթէ թոյլ չտանք որ Ան մեզի ներէ, կարող պիտի չըլլանք ընդունելու ներումը, ինչպէս նաեւ անկարող պիտի ըլլանք ներելու մեր եղբայրներուն։»
 








All the contents on this site are copyrighted ©.