2018-02-23 08:37:00

Քառասնորդացի խորհրդածութիւնները Վատիկանի Ռետեմթորէս մաթեր մատրան մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) «Լեցուեցէք մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի Հոգիով (Հռոմ 13, 14), քրիստոնէական սրբութիւնը Պօղոսեան յորդորին մէջ»։ Այս է այս տարուայ՝ Վատիկանի Ռետեմթորէս մաթեր մատրան մէջ կայանալիք քառասնորդացի շաբաթական խորհրդածութիւններու գլխաւոր նիւթը, զոր ընտրած է Քահաայապետական Տան քարոզիչը՝ հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսան որ Քառասնորդացի այս շրջանին ամէն մէկ ուրբաթ օր առաւօտեան ինին պիտի վառէ խորհրդածութիւնները։

Վատիկանեան Բ  տիեզերական ժողովը ճշգրիտ տեղեկութիւններ տուած է քրիստոնէական սրբութեան մասին «Սրբութիւնը կատարեալ միութիւնն է Քրիստոսի հետ»։ Սուրբ Պօղոս իր գրութիւններուն մէջ ցոյց կու տայ այդ սրբութեան ձգտելու ուղին, յատկապէս  Հռոմէացիներուն ուղղած իր նամակին մէջ «12-15 գլուխներ»։ Քառասնորդացի խորհրդութիւններու ընթացքին շեշտը պիտի դրուի սրբութեան կարեւոր յատկութիւններու վրայ, որոնք այսօր կը կոչենք  քրիստոնէական առաքինութիւններ եւ նոր կտակարանը կը սահմանէ որպէս  Սուրբ Հոգւոյն պարգեւներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.