2018-02-23 10:20:00

Աֆրինի բնակչութիւնը ողջունեց ժողովրդային ուժերուն միացումը


Հինգշաբթի, 22 Փետրուարին, Աֆրինի հարիւրաւոր բնակիչներ հաւաքուեցան քաղաքի կեդրոնական հրապարակին մէջ՝ շեշտելու սուրիական հայրենիքին իրենց պատկանելիութիւնը եւ ողջունելու ժողովրդային ուժերուն միացումը՝ Թուրքիոյ ոտնձգութիւններուն դէմ իրենց պայքարին: Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Անոնք հաստատեցին, որ Աֆրին Սուրիոյ մաս կազմող անքակտելի տարածք է, իսկ Աֆրինի բնակչութիւնը պիտի չարտօնէ, որ թրքական հրոսակներն ու անոնց գործակիցները ոտք դնեն Աֆրին՝ աւելցնելով, որ թրքական ուժեր եթէ համարձակին ներխուժել Աֆրին՝ ջախջախիչ պարտութեան պիտի մատնուին:

ՍԱՆԱ-ի համաձայն, նախորդ երկու օրերուն,Աֆրին հասան ժողովրդային ուժերու տասնեակ միաւորներ՝ ՏԱՀԵՇ-ի եւ թրքական ուժերու յարձակումներուն դէմ դնող բնակչութեան զօրավիգ կանգնելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.