2018-02-22 08:23:00

Մեսրոպեան վարժարանին մէջ նշուեցաւ Սրբոց Վարդանանց տօնը


Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը արժանաւորապէս նշեց Սրբոց Վարդանանց տօնը, վերանորոգելով իր ուխտը հաւատարիմ մնալու Հայրենիքի եւ Հաւատքի պաշտպանութեան անոնց կտակին:

Մեսրոպեանի աշակերտները ըստ բաժանմունքներու՝ առանձին չորս հանդիսութիւններով ոգեկոչեցին Աւարայրի հերոսներուն յիշատակը՝ անոնց նուիրուած գեղարուեստական ելոյթներով, մինչ բանախօսները հանդէս եկան պատգամներով, յատկապէս շեշտելով տօնին այժմէական նշանակութիւնը՝ նոր սերունդին համար:

Տօնին նուիրուած աշակերտական կատարումները յատկանշուեցան անմիջականութեամբ եւ բծախնդիր պատրաստութեամբ, որուն ի խնդիր նաեւ պատասխանատու ուսուցիչներուն կատարած աշխատանքը ակներեւ դարձաւ:

Տարրականի աշակերտներուն յաւուր պատշաճի խօսք ուղղեց վարժարանի անձնակազմի անդամ օրդ. Իզապէլ  Լեւոնեան, նախակրթարանի եւ միջնակարգի աշակերտներուն՝ տիկին Մարալ Հարպոյեան, իսկ երկրորդականի աշակերտներուն՝ մանկավարժ տիկին Սրբուհի Ճենանեան: Անոնք  բացատրեցին Աւարայրի ճակատամարտի պատմական պայմաններն ու անոր նշանակութիւնը՝ հայ ժողովուրդին համար: Բանախօսները անդրադարձան մշակութային այլասերումին եւ ազգային հարցերուն հանդէպ անտարբերութեան, որոնք վտանգի կ՛ենթարկեն հայութիւնը եւ որոնց նկատմամբ պէտք է նոյն քաջութեամբ, գիտակցութեամբ ու հաւատքով ծառանալ, ինչպէս Վարդանանք դիմագրաւեցին յազկերտեան վերջնագիրը:

Բոլոր հանդիսութիւններուն եզրափակիչ խօսքով հանդէս եկաւ Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ: Պարոն տնօրէնը դիտել տուաւ, որ ի տարբերութիւն բազմահազար հայ մանուկներու եւ պատանիներու՝ աշխարհի ամբողջ տարածքին, Մեսրոպեանի նման հայկական վարժարաններու աշակերտները պէտք է բախտաւոր եւ հպարտ զգան, որ կ՛ապրին հայօրէն՝ խօսելով, երգելով եւ ասմունքելով իրենց հայրերու լեզուով, որուն պաշտպանութեան համար Վարդանանք զոհուեցան: Ան կոչ ուղղեց աշակերտներուն, որ ոչ միայն այս արժէքները յաւերժ ապրեցնեն իրենց մէջ, այլ նաեւ տարածողները ըլլան այդ արժէքներուն, յատկապէս հայութենէն մեկուսացած իրենց տարեկիցներու շրջանակին մէջ:

Տեղեկատուական գրասենեակ

Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի








All the contents on this site are copyrighted ©.