2018-02-20 08:10:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. Պօղոս Զ այս տարի կը սրբադասուի։


(Ռատիօ Վատիկան) Անցեալ հինգշաբթի 15 փետրուարին, Հռոմի թեմի ժողովրդապետներու հետ ունեցած հանդիպումի ընթացքին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը հաստատած է թէ «Պօղոս Զ Քահանայապետը այս տարի սուրբ կը հռչակուի»։

Ան իր խօսքին մէջ նշած է թէ Հռոմի երկու եպիսկոպոսներ արդէն սուրբ են՝ Յովհանէս  ՒԳ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ. Պօղոս Զ սուրբ կը հռչակուի այս տարի, մինչ Յովհաննէս Պօղոս Ա քահանայապետի սրբադասման դատը տակաւին կը շարունակուի։

Պօղոս Զ երանացման սուրբ պատարագի ընթացքին՝ 19 հոկտեմբեր 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Պապ զինք որակած էր «մեծ քահանայապետ» եւ «անխոնջ առաքեալ» ինչպէս նաեւ քաջ քահանայապետ իր «Քրիստոսի ու Եկեղեցւոյ նկատմամբ սիրոյ՝ հեզ եւ մարգարէական վկայութեամբ»։








All the contents on this site are copyrighted ©.