2018-02-19 09:35:00

Սկիզբ առաւ Ֆրանչիսկոս Պապին քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 18 փետրուար 2018-ի կէսօրէն ետք 4-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իրեն ընկերացող համագործակիցներուն հետ միասին Վատիկանէն մեկնելով ուղղուեցաւ Հռոմի մօտակայքը գտնուող Արիչչա գիւղաքաղաք ուր ժամանեց 45 վայրկեան տեւող ճանապարհորդութենէ ետք ՝ Արիչչայի «Աստուածային վարդապետ» կեդրոնին մէջ մասնակցելու  քառասնորդացի Հոգեւոր կրթութեան որ պիտի աւարտի յառաջիկայ ուրբաթ 23 փետրուար 2018-ի առաւօտեան։

Այս շաբթուայ ընթացքին դադրած կը համարուին Նորին Սրբութեան բոլոր պաշտօնական գործունէութիւնները ներառեալ չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը։

Հոգեւոր կրթութեան օրակարգը սկիզբ առաւ Կիրակի 18 փետրուարի երեկոյեան՝ 6-ին, Հոգեւոր կրթութեան քարոզիչ՝ Փորթուկալցի Հայր  Խօսէ Թոլենթինօ Տէ Մենտոնսայի ներկայացուցած առաջին խորհրդածութեամբ, որուն յաջորդեց Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան ջերմեռանդութիւնը ու ժամասացութեան աղօթքը։

Հայր Տէ Մենտոսան 2018 տարուայ որպէս քառասնորդացի հոգեւոր  կրթութեան խորհրդածութեան նիւթ ընտրած է «ծարաւի գովաբանութիւնը» հաստատելով թէ «Ամէն մարդ էակ ծարաւի է։ Ծարաւն ունինք սիրոյ, ճանաչումի, յարաբերութիւններու, արժանապատուութեան, երկխօսութեան, հանդիպումի ու մարդկայնութեան, ինչպէս նաեւ առատ ծարաւն ունինք Աստուծոյ»։

Հոգեւոր կրթութեան յաջորդ օրերուն օրակարգը կը նախատեսէ օրական երկու խորհրդածութիւններ, մէկը առաւօտեան 9.30-ին իսկ երկրորդը՝ յետմիջօրէի 4-ին։ Մինչ  առաւօտեան 7.30-ին տեղի կ՛ունենայ համ պատարագը ու երեկոյեան նախատեսուած է Սուրբ Հաղորդութեան երկրպագութեան ջերմեռանդութիւնը ու ժամասացութիւնը։ Ուրբաթ 23 Փետրուարին նախատեսուած է միայն մէկ խորհրդածութիւն որմէ ետք վերջ կը գտնէ հոգեւոր կրթութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.