2018-02-19 09:47:00

Դամասկոսի Պապ Շարքի շրջանը դարձեալ ահաբեկիչներու թիրախ դարձաւ


Կիրակի, 18 Փետրուարի երեկոյեան, արեւելեան Ղութայի մէջ կայք հաստատած ահաբեկչական խմբաւորումներ, անգամ մը եւս խախտելով տուեալ շրջանը անվտանգութեան գօտի հաստատելու համաձայնութիւնը, հրթիռակոծեցին Դամասկոսի Պապ Շարքի շրջանը։ Այս մասին կը հաղորդէ «Գանձասար»-ը։

Հրթիռակոծումին պատճառով տեղւոյն բնակարաններն ու այլ կալուածներ կրեցին նիւթական մեծ վնասներ։

Դամասկոսի ոստիկանութեան համաձայն, հրթիռակոծումին պատճառով զոհուած է մէկ, վիրաւորուած է այլ քաղաքացի մը։

22 Յուլիսին, Սուրիական Բանակի Հրամանատարութիւնը Ղութայի կարգ մը շրջաններուն մէջ զինադադար յայտարարած էր, միեւնոյն ատեն շեշտելով, որ զինադադարի որեւէ խախտումի պարագային, բանակը յարմար ձեւով պիտի հակադարձէ։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.