2018-02-19 09:56:00

«Armenia. Ossip Mandelstam. Dessins» գիրքի շնորհանդէս Հռոմի մԷջ


Փետրուար 13-ին Հռոմի Ժամանակակից արուեստի ազգային պատկերասրահին մէջ Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպանութեան հետ համագործակցութեամբ, տեղի ունեցաւ իտալացի արուեստագէտ Ճուզեպպէ Գակաւալէի «Armenia. Ossip Mandelstam. Dessins» գիրքի շնորհանդէսը:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն ԱԳՆ մամուլի ծառայութենէն, բանախօսներուն մէջ էին հեղինակ Ճուզեպպէ Գակաւալէն, իտալացի յայտնի գրող Էրրի Տէ Լուկան, արուեստաբան Մարչելլա Գոսուն:

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Իտալիոյ մէջ ՀՀ դեսպան Վիքթորիա Բաղդասարեան: Ճուզեպպէ Գակաւալէն եւ Էրրի Տէ Լուկան ներկայացուցին Օսիպ Մանդելշտամի նկարագրած Հայաստանը` որպէս եւրոպական եւ արեւելեան քաղաքակրթութիւններու խաչմերուկ:

Ընթերցուեցան Մանդելշտամի` Հայաստանին նուիրուած բանաստեղծութիւններ` բնագիրով, ինչպէս նաեւ հայերէնով եւ իտալերէնով:








All the contents on this site are copyrighted ©.