2018-02-15 08:43:00

Օտարերկրեայ լրագրողներու եւ պլոկերներու խումբ մը այցելած է Արցախ


«Արցախակերտում» ՀԿ կազմակերպմամբ` փետրուար 10-13 Արցախ այցելած է օտարերկրեայ  լրագրողներու եւ պլոկերներու  խումբ մը, ուր ներգրաւուած  եղած են ներկայացուցիչներ Ռուսաստանէն, Լաթվիայէն, Հունգարիայէն, Ֆրանսայէն, Ալժիրէն եւ Իտալիայէն` հայ պլոկերներու ուղեկցութեամբ: Այցի նպատակն էր մասնակցիլ ղարաբաղեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած տօնական ձեռնարկներուն, ինչպէս նաեւ` ծանօթանալ երկրի պատմութեան, մշակոյթին եւ զարգացման ներուժին:

Ինչպէս «Հայերն այսօր»-ին կը յայտնեն «Արցախակերտում» հասարակական կազմակերպութենէն, այցի ծիրէն ներս խումբի անդամները բովանդակալից հանդիպումներ  ունեցած են Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի, ԱԺ նախագահ Աշոտ Ղուլեանի, ԱԳ նախարար Մասիս Մայիլեանի, Մարդու իրաւունքներու պաշտման Ռուբէն Մելիքեանի հետ, որուն ընթացքին արցախեան ներկայացուցիչները պատասխանած են մասնակիցներուն կողմէ բարձրաձայնուած բազմաթիւ հարցերու:

Կազմակերպուած են նաեւ խումբի ճանաչողական այցեր առաջնագիծ, արտադրական որոշ ձեռնարկութիւններ, Ստեփանակերտի Թումօ ստեղծարար արհեստագիտութիւններու կեդրոն, ինչպէս նաեւ` որոշ տեսարժան վայրեր:

Փետրուար 13-ին օտարերկրեայ լրագրողները եւ պլոկերները մասնակցած են նաեւ ղարաբաղեան շարժման 30-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներուն:








All the contents on this site are copyrighted ©.