2018-02-15 09:21:00

Բացում Եգիպտոսի Ղպտի «21 մարտիրոսներու» նուիրուած Եկեղեցւոյ:


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, փետրուար 15ին, Եգիպտոսի մէջ  կը կատարուի 21 Ղպտի մարտիրոսներու նուիրուած եկեղեցւոյ բացումը։ Այդ մարտիրոսները գլխատուած էին 2015ին, իսլամական պետութեան հետեւորդ դահիճներու ձեռքով։ Տաճարը կառուցուած է Մինիայի նահանգի Սալամութ քաղաքի մօտ գտնուող Ալ Աուր գիւղին մէջ, որ հայրենիքն է 13 մարտիրոսներու, որոնք մաս կը կազմէին 21 նահատակուողներու խումբին։ Անոր աշխատանքները վերջացած են նախորդ ամիսներուն։

Ծիսական եւ յիշատակի արարողութիւններուն պիտի մասնակցին մարտիրոսներու շատ մը ազգականները։ Տակաւին յայտնի չէ, եթէ մարտիրոսներու աճիւնները հանդիսական այդ օրուան մէջ պիտի զետեղուին եկեղեցւոյ մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.