2018-02-14 10:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութինը։


(Ռատիօ Վատիկան) «Այսօր մոխրոց չորեքշաբթի է, քառասնորդացի ուղեւորութեան սկիզբը։ Սիրելի երիտասարդներ, կը մաղթեմ որ այս շնորհքի պահը ապրիք որպէս վերադարձ Հօր սիրոյ՝ որ բազկատարած կը սպասէ բոլորին։ Սիրելի հիւանդներ, ձեզ կը քաջալերեմ ձեր ցաւերը նուիրելու հաւատքէն հեռու ապրող անձերու դարձին համար ու ձեզ՝ սիրելի նորապսակներ, կը հրաւիրեմ ձեր ընտանիքը կառուցել Աստուծոյ սիրոյ ժայռին վրայ։»

Այս խօսքերով է որ Ֆրանիսկոս Սրբազան Քահանայապետը աւարտեց չորեքշաբթի  օրուայ հրապարակային ունկնդրութիւնը զոր կատարեց՝ 14 փետրուարի առաւօտեան, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին հազարաւոր ուխտաւորներ։

Հրապարակային ունկնդրութենէն առաջ Սրբազան Պապը՝ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ այնտեղ համախմբուած խումբ մը հիւանդներու հետ ողջունելով եւ իր օրհնութիւնը շնորհելով անոնց։

Ապա ունկնդրութեան ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութեան սկիզբը յատուկէն յիշեց զանոնք դիտել տալով թէ

անոնք եւս կը մասնակցին ունկնդրութեան։

Շարունակելով խօսիլ  «պատարագի» մասին, Սրբազան Քահանայապետը օրուան խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց պատարագի ընթացքին արտասանուած «Հաւատամքի» դաւանանքին ու անոր յաջորդող «տիեզերականն աղօթքի» վրայ։

«Սուրբ Գրային ընթերցումներու ունկնդրութիւնը որուն կը յաջորդէ քարոզը կը համապատասխանէ Աստուծոյ ժողովուրդի իրաւունքին՝ առատութեամբ ընդունելու Աստուծոյ Խօսքին գանձը» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հաստատելով թէ Տէրը կը խօսի բոլորին, Հովիւներուն ու հաւատացեալներուն. Ան կը բախէ սուրբ զոհին մասնակցողներու բոլորին սրտին, ամէն մին իր կեանքի, տարիքի, իրավիճակի պայմաններու համեմատ։ Ան կը մխիթարէ, կը կոչէ, նոր եւ հաշտուած կեանքի ծիլեր կը ծլի։ Ասոր համար քարոզէն ետք, լրութեան պահը, թոյլ կու տայ որ հոգիին մէջ սերմանենք ընկալուած սերմը՝ որպէսզի ան ապա ծիլ տայ, համաձայն Սուրբ Հոգիի ներշնչումին» յարեց Նորին Սրբութիւնը ու շարունակեց ըսելով  «այդ լռութեան պահէն ետք, անհատական հաւատքի պատասխանը կը բացայայտուի Հաւատամքի մէջ որ հասարակութեան կողմէ արտասանուելով կը հանդիսանայ նշանը՝ ունկնդրուած Աստուծոյ խօսքին միասնական պատասխանին։ 

Արդարեւ կենսական կապ մը կայ ունկնդրութեան եւ հաւատքի միջեւ։ Հաւատքը կը սնանի ունկնդրութեան միջոցաւ ու կը մղէ խորհուրդներուն որոնք իրենց կարգին հաւատքի նշաններ են։  Աստուծոյ խօսքին պատասխանը կը բացայայտուի նաեւ տիեզերական աղօթքով որ կը հայի եկեղեցւոյ ու աշխարհի կարիքներուն։ Հաւատացեալները իրենց աղօթքները կը բարձրացնեն առ Աստուած, յոյսով որ անոնք լսելի ըլլան ու ներկայացուած դիտաւորութիւնները կը բացայայտեն եկեղեցական հասարակութեան շօշափելի կարիքները։

Առաջին դարերուն քարոզէն ետք, անոնք որոնք տակաւին չէին մկրտուած, դուրս կու գային եկեղեցիէն, մինչ միւսները միասին կ՛աղերսէին Տիրոջ։

Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովին Հայրերը ուզեցին այդ աղօթքը դարձեալ ներմուծել Աւետարանի ու Քարոզէն ետք։ Տիեզերական աղօթքը արդարեւ որ կ՛եզրափակէ «Խօսքի կարգը» մեզ կը խրախուսուէ մերը ընելու Աստուծոյ հայեացքը որ խնամք կը տանի բոլոր իր զաւակներուն - ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով խորհրդածութիւնը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.