2018-02-13 10:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ըդնունեց մարդավաճառութեան դէմ մղուած պայքարի հինգերորդ օրուան մասնակիցները։


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունած է մարդավաճառութեան դէմ մղուած պայքարի համար աղօթքի եւ խորհրդակցութեան միջազգային հինգերորդ օրուան մասնակիցները Վատիկանի Քլեմենթինա դահլիճին մէջ։

Սրբազան Պապը պատասխանելով իրեն ներկայացուած հարցումներուն, նկատած է, թէ մարդավաճառութեան խնդրի նկատմամբ շատ անգիտութիւն կը տիրէ, իսկ սակաւ կամք՝ խնդրի տարողութիւնը հասկնալու, որովհետեւ այդ խնդիրը մեր սիրտը կը յուզէ եւ կեղտոտ հարց մըն է։ Ոմանք մասնակից կամ մեղսակից են մարդավաճառութեան, առանց գիտակցելու կատարուած ոճիրներուն։ Իսկ ոմանք՝ ուղղակիօրէն կը մասնակցին ոճրային կազմակերպութիւններու, հետապնդելով շահադիտական նպատակներ։ Պէտք է աշխատանք թափել մեր հասարակութիւնները զգայացնելու այս խնդրի նկատմամբ։

Սրբազան Հայրը շեշտած է, թէ յատկապէս երիտասարդներու ձայնն է որ կրնայ խորտակել այս խնդրի շուրջ կայացած լռութիւնը։ Ան կարեւոր նկատած է ընկերային ցանցերու դերը, որոնք առիթ կ՛ընձեռեն հանդիպումներ կայացնելու անհատներու միջեւ որոնք կրնան իրենց վրայ վերցնել շօշափելի յանձնառութիւններ։ Նաեւ անոնք, որոնք զոհ դարձած են մարդավաճառութեան, կը հանդիսանան իբր կարեւոր աղբիւր տեղեկութիւններ քաղելու՝ փրկելու համար այլ երիտասարդներ։

Սրբազան Քահանայապետը կոչ ուղղած է, թէ պէտք է ստեղծել մարդկային համապարփակ զարգացման առիթներ. պէտք է պետութիւնները դիմակայեն պատճառները. պէտք է դուրս գալ կեղծաւորութենէ։ Եթէ կան մարդավաճառութեան զոհ դարձած աղջիկներ, պատճառն այն է՝ որ կան մարդիկ, որոնք պատրաստ են վճարելու իրենց հաճոյքին համար։ Ֆրանչիսկոս Պապ նկատած է, թէ մարդավաճառութեան առաջին պատճառը շատ մը կեղծաւոր անհատներու անխիղճ անձնասիրութիւնն է։ Մարդավաճառները բանտարկելը արդարադատութեան պարտականութիւնն է, սակայն իսկական լուծումը՝ սրտերու դարձն է. պէտք է դադրեցնել պահանջքը՝ ցամքեցնելու համար շուկան։

Վերջապէս, Սրբազան Պապը նկատած է, թէ երիտասարդներու նուիրուած Սիւնհոդոսը կրնայ վերածուիլ փրկութեան ցանցի մը։ Կաթողիկէ Եկեղեցին, պատրաստ է միջամտելու մարդավաճառութեան գործի որեւէ փուլի մէջ, պաշտպանելով անհատները աւար դառնալէ, ազատելով զանոնք՝ եթէ գերութեան մէջ են, եւ անոնց նեցուկ կանգնիլ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.