2018-02-13 08:50:00

ՀՀ Սփիւռքի Նախարարութեան «Մեր Մեծերը» 2018 թուականի ծրագիրը


Յարգելի՛ հայրենակիցներ,

ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւնը Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան պետական քաղաքականութեան ծիրէն ներս 2009 թուականէն կ’իրականաց­նէ «Մեր մեծերը» ծրագիրը, որուն գլխաւոր նպատակը մեր հռչակաւոր մեծերու հայրենանուէր գործունէութիւնը սերունդներուն ներկայացնելն ու անոնց մէջ հայրենասիրութեան զգացում ձեւաւորելն է:

Հայրենանուէր անհատներու ճանաչողութիւնը կը նպաստէ հայապահպանութեան հիմնախնդրի լուծման, երիտասարդութեան շրջանին մէջ ազգային արմատներու ճանաչման ու ազգային ինքնութեան ամրապնդման:

2018 թուականի «Մեր մեծերը» ծրագիրին մէջ ընդգրկուած են բարերար, Թիֆլիսի «Ազգային բարեգործական ընկերութեան» հիմնադիր, նաւթարդիւնաբերող Միքայէլ Արամեանցի, գրող-երգիծաբան եւ լրագրող Յակոբ Պարոնեանի, գրող, թարգմանիչ, հրապարակագիր Զապէլ Եսայեանի, դերասան, Վահրամ Փափազեանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան հիմնադիրներու եւ հերոսներու անունները:

Ծրագիրի ծիրէն ներս Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի կրթամշակութային հաստատութիւններուն մէջ կը կազմակերպուին մեծարման ձեռնարկներ (համաժողովներ, գրական տօներ, շարադրութիւններու մրցոյթներ, համերգներ, բաց դասեր, կը հրատարակուին գրքոյկներ, կը պատրաստուին խտասալիկներ եւ այլն):

Իրականացուող ձեռնարկներուն մասին տեղեկատուութիւնը տարուան ընթացքին պարբերաբար կը տրամադրուի նախարարութեան, նիւթեր կը պատրաստուին եւ կը տեղադրուին «Հայերն այսօր» պարբերականին մէջ (http://hayernaysor.am/):

Սիրելի՛ հայրենակիցներ,

Դարձէ՛ք ՀՀ սփիւռքի նախարարութեան «Մեր մեծերը» ծրագիրի մասնակիցը` 2018 թուականի ձեր ձեռնարկները նուիրելով նաեւ «Մեր մեծերը» ծրագիրին ընդգրկուած նշանաւոր անձանց` տարուան ընթացքին կազմակերպելով անոնց նուիրուած ձեռնարկներ:

Նիւթերը կը խնդրենք ուղարկել panarmenianprograms@mindiaspora.am ելեկտրոնային հասցէին:

Տեղեկութիւններու համար կրնաք այցելել ՀՀ սփիւռքի նախարարութիւն (հասցէ` Վազգէն Սարգսեան 3) կամ զանգահարել (+374 10) 585 601 (700), (+374 60) 500 830 հեռախօսահամարներով








All the contents on this site are copyrighted ©.