2018-02-13 08:41:00

Երկու հայորդիներ զոհ՝ Ռուսական օդանաւի ջախջախումին


ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Կիրակի, Փետրուար 11ի յետմիջօրէին, ռուսական ճամբորդական օդանաւ մը ջախջախուեցաւ թռիչք առնելէ քանի մը վայրկեան ետք։ Դէպքը պատահեցաւ Մոսկուայի մօտերը։ Օդանաւը Մոսկուայէն Ուրսք կը թռչէր եւ 71 ճամբորդներ կը կրէր։ Օդանաւը կործանեցաւ Մոսկուայի արուարձանային Ռամենսքոյէ շրջանին մէջ։ Ռուսական լրատու գործակալութիւններ հաղորդեցին, որ ո՛չ ոք փրկուած է արկածէն։

Զոհերու շարքին կային նաեւ երկու հայեր։ Անոնցմէ մէկը օդանաւի հրամանատարական կազմէն էր՝ երկրորդ օդաչուն՝ Սերկէյ Համբարեան, իսկ երկրորդը ճամբորդ էր՝ Վարսիկ Սեւոյեան։ Համբարեանի հայրը՝ Արսէն, նմանապէս օդաչու եղած է, իսկ Վարսիկ Սեւոյեանը Հայաստանի Սեւանի շրջանի Վարդենիկ գիւղէն էր։

Նշենք, որ այս արկածին պատճառով, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ջնջեց իր թռիչքը դէպի Սոչի, ուր հանդիպում պիտի ունենար Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.