2018-02-13 08:39:00

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներուն յայտարարութիւնը՝ տարածաշրջանէն ներս հանդիպումներէ ետք


ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Արցախփրէս».- ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահներ Իկոր Փոփով, Սթեֆան Վիսքոնթի եւ Էնտրու Շոֆըր, ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիքի հետ միասին, Փետրուար 7ին, Պաքուի մէջ հանդիպած են նախագահ Իլհամ Ալիեւի, Փետրուար 9ին, Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի, իսկ Փետրուար 10ին՝ Արցախի նախագահ Բակօ Սահակեանի հետ:

Անոնք նաեւ խորհրդակցութիւններ իրականացուցած են արտաքին գործոց նախարարներու հետ, ապա կատարած են հետեւեալ յայտարարութիւնը.

«Համանախագահները, իշխանութիւններուն հետ հանդիպելու նպատակով, Փետրուար 9-11 նաեւ այցելած են Լեռնային Ղարաբաղ: Անոնք այցելած են Կովսական, Սանասար, Ակնա, Բերձոր եւ Քարվաճառ:

Համանախագահները ընդգծած են 2017 թուականի Հոկտեմբերին Ժընեւի, ինչպէս նաեւ նախորդ վեհաժողովներու, մասնաւորապէս՝ Վիեննայի եւ Ս. Փեթերզպուրկի մէջ, կողմերուն ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւններուն կատարման կարեւորութիւնը:

Խորապէս մտահոգ ենք սահմանագիծին վրայ վերջին զոհին գծով եւ կոչ կ՛ընենք կողմերուն, որ յաւելեալ քայլերու ձեռնարկեն՝ լարուածութեան նուազեցման եւ հրադադարի պահպանման համար, ինչպէս համաձայնեցուած էր Ժընեւի մէջ:

Կոչ կ՛ընենք կողմերուն ձեռնպահ մնալու հրահրիչ յայտարարութիւններէ եւ սադրիչ գործողութիւններէ: Համանախագահները կրկին կը յայտարարեն Հելսինքեան որոշումի հիմնական սկզբունքներուն՝ ներառեալ ուժի չկիրառման, տարածքային ամբողջականութեան եւ ազգերու ինքնորոշման հաւասար իրաւունքներու հիման վրայ հակամարտութեան խաղաղ լուծում մը գտնելու համար՝ կողմերուն օգնելու իրենց պատրաստակամութեան մասին:

Կ՛ողջունենք բանակցութիւնները շարունակելու կողմերուն մտադրութիւնը՝ հաշուի առնելով ներկայ ընտրական շրջանը»:








All the contents on this site are copyrighted ©.