2018-02-12 08:46:00

Ռուսական օդանաւի ջախջախումէն ետք. Փութին ջնջեց դէպի Սոչի իր թռիչքը


Ռուսական օդանաւի մը` Մոսկուայի միջազգային օդակայանէն թռիչք առնելէն կարճ ժամանակ անց ջախջախուեքէ ետք, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ջնջեց իր թռիչքը դէպի Սոչի, ուր հանդիպում պիտի ունենար Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ:

Մինչ այդ, ռուսական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ երէկ Մոսկուայի արուարձաններէն մէկուն մէջ ջախջախուած օդանաւը քաղաքային թռիչք չէր կատարեր, եւ անոր մէջ գտնուողները սովորական ճամբորդներ չէին:

Ռուսիոյ արտակարգ իրավիճակներու նախարարութիւնը հաղորդեց, որ օդանաւին վրայ կը գտնուէին 71 անձեր, որոնք բոլորն ալ մահացած են: Օդանաւը ջախջախուած է Մոսկուայէն յետմիջօրէի ժամը 14:28-ին թռիչք առնելէն 7 վայրկեան ետք:

Նախարարութիւնը հաղորդեց, որ ականատեսներ յայտնած են, թէ Մոսկուայի արուարձաններէն Արկոնովոյի մօտ ջախջախուելէն առաջ օդանաւին հրկիզուիլը տեսած են:

Ռուսիոյ քաղաքային թռիչքներու իշխանութիւնը իր կարգին յայտնեց, որ «Ան-148» տիպի օդանաւը Մոսկուայի միջազգային օդակայանէն դէպի Սարաթով նահանգի Ուրսք քաղաք ներքին թռիչք կը կատարէր:

Նշենք, որ ռուսական «Լայֆ» կայքը հաղորդեց, որ զոհերու շարքին է օդանաւի երկրորդ օդաչու Սերկէյ Գամբորեանը, նաեւ երկրորդ հայ մը` Վարսիկ Սեւոյեանը:

Ազդակ








All the contents on this site are copyrighted ©.