2018-02-12 09:14:00

Հռոմի մէջ Վարդանանց տօնահանդէս եւ Բուն Բարեկենդանի սուրբ պատարագ


Կիրակի՝ 11 Փետրուար 2018-ին, առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ, Բուն Բարեկենդանի առիթով՝ Սուրբ եւ անմահ Պատարագ մատոյց Հալէպի եւ Բարձր Ճազիրէյի Հայ Կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Տէր Պետրոս Արք. Միրիաթեան:

Պատարագիչ սրբազանը փոխանցեց յաւուր պատշաճի պատգամը: Ան յայտնեց, որ Մեծ Պահքի շրջանին պէտք չէ ցուցամոլութիւնը տիրէ, այլ՝ պէտք է իւրաքանչիւր անհատ գիտնայ ինչպէս մօտենալ եւ համակերպիլ այս սուրբ օրերուն: Սրբազանը բարոյական ակնարկ մը տալէ ետք, շարունակեց իր քարոզը անդրադառնալով Սրբոց Վարդանանց ճակատամարտի այժմէական իմաստին: Ան նշեց, թէ ոչ ոք մարտիրոս կամ հերոս կը ծնի, այլ՝ ժամանակի ընթացքին ինքնաշխատութեամբ իր ճանապարհը կը կերտէ:

Պատարագի աւարտին Սրբազան հայրն ու Քահանայապետական Լեւոնեան հայ Վարժարանի Մեծաւոր՝ Գերյարգելի Հայր Նարեկ Ծ. Վ. Նաամոյեան օրհնեցին մոխիրը, ապա հաւատացեալներուն գլխուն վրայ ցանելով կրկնեցին աւանդական եւ ծիսական խօսքը, ըսելով. «Յիշէ՛, ո՛վ մարդ թէ հող էիր եւ հող պիտի դառնաս»:

Հոգեպարար արարողութիւններուն ներկայ գտնուեցան Հռոմի Անարատ Յղացեալ հայ քոյրերու միաբանութեան մեծաւոր՝ Մայր Արուսեակ Սաճոնեան եւ միաբանակից այլ քոյրեր եւ Հռոմաբնակ հաւատացեալներ:
Պատարագէն ետք տեղի ունեցաւ կարճ եւ կոկիկ յայտագիր մը նուիրուած Վարդանանց ճակատամարտին:

Ձեռնարկին սկիզբը ժառանգաւորաց անունով հանդէս եկաւ Եղբայր Արամ Սաատօ եւ արտասանեց բացման խօսքը: Ան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, պատմական ակնարկով մը անդրադարձաւ Սրբոց Վարդանանց ճակատամարտին, ապա աւելցուց ըսելով. «Աւարայրի ճակատամարտը, պարզապէս պատմական ակնարկ մը չէ, ոչ ալ ռազմական մէկ առասպել մը, մեր դարաւոր պատմութեան էջերուն մէջ, այլ՝ փառապանծ յաղթանակի մը հաւաստիքն է, որուն պտուղը այսօրուան մեր Քրիստոսապաշտ գոյութեան մէջ կը լիանայ, ուր իւրաքանչիւր հայ կանչուած է շարունակելու Վարդանի ու անոր ընկերներու յանձնած լուսաւոր ջահը, որուն ճրագէն միմիայն հաւատք, յոյս եւ հայրենասիրութիւն կ՛արտացոլէ»:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Մարինէ Գրիգորեան մենակատարեց «Լռեց ամպերը» երգը, Եղբայր Պետրոս Մարաշլի Հատտատ ասմունքեց Վահան Թէքէեանի «Խորհուրդ Վարդանաց»-ը, Տիանա Կապրիէլեան դաշնամուրի վրայ նուագեց Արամ Խաչատուրեանի յօրինած կտորներէն մին, ապա վարժարանի սաները ներկայացուցին Կոմիտասեան եղանակով «Նորահրաշ» շարականը:

Օրուան հանդիսութիւնը փակեց Մեծաւոր հայրը: Ան նշեց, թէ 1567 տարիներ առաջ կայացած պատերազմը մինչեւ օրս մեր գոյութեան եւ յարատեւման ենթակէտն է, ուր ամէն հայորդի պէտք է շարունակէ Վարդանի մղած պայքարը: Հանդիսութեան աւարտին վարժարանի մուտքին հիւրասիրութիւն մը տեղի ունեցաւ։








All the contents on this site are copyrighted ©.