2018-02-12 11:00:00

«Տիրոջմէ հայցենք Համբերութեան առաքինութիւնը» Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) «Տիրոջմէ հայցենք համբերութեան առաքինութիւնը, առաքինութիւն որ Միջին Արեւելքի մէջ հալածուած քրիստոնեայ բազմաթիւ եղբայրներ կը կռեն իրենց ուսերուն վրայ»։ Այպէս արտայայտուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երկուշաբթի 12 փետրուար 2018-ի առաւօտեան, Տոմուս Սանթա Մարթայի մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ, հաստատելով նաեւ թէ համբերութիւն չի նշանակեր դժուարութիւններու  դիմաց յուսալքում։ Այդ մէկը  ճանապարհորդներու առաքինութիւն է, առաքինութիւն անոնց որոնք անշարժ ու փակ չեն մնար» ըսաւ Սրբազան Պապը ու ընդգծեց թէ համբերութիւն կը նշանակէ նաեւ պատասխանատուութիւն,  առ աւելին՝ քրիստոնէական համբերութիւնը պարտութեան ճանապարհին չի հետեւիր ըսաւ Ան, այլ իր վրան կ՛առնէ նաեւ ուրիշին մտահոգութիւնները ու զանոնք վեր կը բարձրացնէ։ Համբերութիւն կը նշանակէ նաեւ իմաստութիւնն ունենալ սեփական սահմանափակ ուժերուն հետ զրուցելու - յարեց Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց «փրկութեան պատմութեան» ու այդ պատմութեան ընթացքին Աստուծոյ ցուցաբերած անծայրածիր համբերութեան որ այսօր եւս կը շարունակուի մեր նկատմամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզի աւարտին յատուկէն յիշեց Միջին Արեւելքի հալածուած քրիստոնեաները ու անոնց համբերութիւնը ու հրաւիրեց խոկալ եւ աղօթել այդ դիտաւորութեամբ,որպէսզի Տէրը անոնց ու մեզի եւս  պարգեւէ համբերութեան շնորհքը որ՝ ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, գեղեցիկ առաքինութիւն մըն է։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.