2018-02-12 08:50:00

Իսրայէլեան «Էֆ-16»-ի օդանաւ մը վար առնուած է Սուրիական հակաօդային համակարգերուն կողմէ


Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդի նիստին ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը «Իրանին եւ սուրիական վարչակարգին ծանր հարուածներ» հասցուցած է:

«Բոլորին յստակ դարձուցինք, որ մեր գործողութիւններու կանոնները բացարձակապէս չեն փոխուած. պիտի շարունակենք հարուածել բոլոր անոնք, որոնք կը փորձեն մեզի դէմ յարձակում գործել: Այս էր եւ այս պիտի մնայ մեր քաղաքականութիւնը», աւելցուց ան:

Նեթանիահու յայտնեց, որ շաբաթ օր սուրիական հակաօդային համակարգերուն կողմէ վար առնուած «Էֆ-16»-ի օդաչուներէն մէկը օդանաւին ջախջախուելէն առաջ դուրս ցատկելէն ետք վիրաւորուած է:

Իսրայէլի բնակեցման նախարար Եուաֆ Կալնեթ իր կարգին յայտնեց. «Միջին Արեւելքի խնդիրին հիմը Իրանն է»` աւելցնելով, որ վերջինս ստեղծած է «շիիական եռանկիւն մը` Իրան-Հըզպալլա-Սուրիա»:

«Ոեւէ մէկը, որ հարցերը կը դիտէ, գիտէ, թէ միայն չենք խօսիր, այլ նաեւ կը գործենք», ըսաւ ան` ընդգծելով. «Առանց օդաչուի կամ օդաչուով որեւէ թռչող սարքի ներթափանցում անպատասխան պիտի չմնայ: Զայն ուղարկողը ինքզինք վտանգի կ՛ենթարկէ»:

Իսրայէլի կրթութեան նախարար Նեֆթալի Պենեթ իր կարգին «Ետիոթ Ահրոնոթ»-ի կայքին հետ ունեցած հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Մենք այժմ Սուրիոյ մէջ իրանեան կեդրոնացումին դէմ համապարփակ ճակատումի մէջ ենք»:

Նշենք, որ սուրիական հակաօդային համակարգերը շաբաթ արշալոյսին դէմ դրին Հոմսի մէջ սուրիական բանակի ռազմակայաններէն մէկուն դէմ իսրայէլեան երկու յարձակումներու: Ըստ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութեանց, Սուրիոյ հարաւը տեղակայուած հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը իրենց շատոնց ունեցած «Սամ-5» տիպի աւելի քան 10 հրթիռներ արձակած են իսրայէլեան «Էֆ-16»-ին դէմ, որուն վար առնուելէն ետք իսրայէլեան օդանաւերը չեն համարձակած մուտք գործել սուրիական օդային տարածք, եւ հետագային Սուրիոյ դէմ հրթիռները արձակուած են Միջերկրական ծովէն:

Ազդակ








All the contents on this site are copyrighted ©.