2018-02-11 12:15:00

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթք. ԵՀՕ մասնակցութեան արձանագրութիւններու սկիզբ։


(Ռատիօ Վատիկան) «Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, այսօր կը մեկնարկէն՝ 2019-ի Յունուարին Փանամայի մէջ նշուելիք  Երիտասարդութեան Համաշխարհային օրուան մասնակցութեան արձանագրութիւնները։ Ես եւս, երկու երիտասարդներու ներկայութեամբ կ՛արձանագրուիմ «ցանցի» միջոցաւ»։Այս բառերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակի 11 փետրուար 2018-ին՝ Մարեմեան Աղօթքի աւարտին արտասանած իր խօսքին մէջ  սկիզբ տուաւ ԵՀՕ մասնակցութեան արձանագրութիւններուն, նախ որպէս ուխտաւոր անձամբ կատարելով այդ արձանագրութիւնը ապա հրաւիրելով աշխարհի բոլոր երիտասարդները հաւատքով եւ խանդավառութեամբ ապրելու այդ շնորհքի ու եղբայրութեան պահը, ըլլայ Փանամա երթալով ըլլայ  մասնակցելով իրենց հասարակութիւններէն ներս կազմակերպուած ԵՀՕ նշումին։

Նախ քան Մարեմեան աղօթքը արտասանելը  Ֆրանչիսկոս Պապ ներկայացուց նաեւ օրուան աւետարանական ընթերցումէն քաղուած՝ Մարկոս Աւետարանիչէն (Գլ 1- 40-45)  ներշնչուած խորհրդածութիւն մը խօսքը կեդրոնացնելով այն բորոտին վրայ որ  Յիսուսի կը դիմէ խնդրելով որ մաքրէ զինք այդ հիւանդութենէն եւ Յիսուս գթալով անոր վրայ կը բուժէ զինք։  

Սրբազան Հայրը այս առընչութեամբ ակնարկեց նաեւ 11 փետրուարին նշուող հիւանդի համաշխարհային օրուան եւ Լուրտի Տիրամօր ծիսական տօնին ու հրաւիրեց մեր հայեացքն ու սիրտը ուղղել «Մասսապիելի» քարայրին ու խոկալ Յիսուսի մասին որ է մարմիններու եւ հոգիներու բժիշկ, զոր Աստուած աշխարհ ղրկեց բուժելու համար մարդկութիւնը որ յատկանշուած էր մեղքով ու մեղքի հետեւանքներով։

«Ոչ մէկ հիւանդութիւն պղծութեան պատճառ է. Հիւանդութիւնը ոչ մի կերպով կը դպչի կամ արգելք կը հանդիսանայ մարդուն Աստուծոյ հետ ունեցած կապին» ըսաւ Սրբազան Պապը դիտել տալով թէ «միայն մեղքն է որ մեզ անմաքուր կը դարձնէ։ Եսասիրութիւնը, ամբարտաւանութիւնը, կաշառակերութեան աշխարհին մաս կազմելը, այս բոլորը սրտի հիւանդութիւններ են որոնցմէ պէտք է մաքրուինք, բորոտին նման Յիսուսին դիմելով ու անոր ըսելով «Եթէ կ՛ուզես կրնաս զիս մաքրել»։ Եւ ամէն անգամ որ՝զղջացած սրտով կը մօտենանք խոստովանանքի խորհուրդին Տէրը մեզի կ՛ըսէ  «Կ՛ուզեմ մաքրուէ» ու այդպէսով մեղքի բորոտութիւնը իսկոյն կ՛անհետանայ ու մենք ուրախութեամբ կը սկսինք վերապրիլ մեր զաւականան յարաբերութիւնը Աստուծոյ հետ» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը ու խորհրդածութեան աւարտին հայցեց Անարատ Յղացեալ Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի Տէրը իր անհուն ողորմածութեամբ բուժէ նաեւ մեր ներքին վէրքերը ու  մեզի պարգեւէ սրտի անդորրութիւնն ու յոյսը։

Ողջունելով հրապարակը համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորները Սրբազան Քահանայապետը նշեց թէ յառաջիկայ 15 Փետրուարին միլիոնաւոր մարդիկ կը տօնախմբեն «Լուսնի» նոր տարին ու այս առթիւ անոնց ուղղեց իր բարի մաղթանքները, որպէսզի ապրին, ըսաւ ան, զօրակցութեան, եղբայրութեան ու բարիի իղձով ու սատարեն ընկերութեան մը կառուցումին ուր ամէն մէկ մարդ էակ ընկալուի, պաշտպանուի, զարգանայ ու ներառուի, հուսկ հրաւիրեց աղօթել խաղաղութեան համար որ է« յարգի գանձ մը» որուն ձգտելու ենք քաջութեամբ, յարատեւութեամբ եւ կարեկցութեամբ, յարեց Սրբազան Պապը ու ողջունեց հրապարակը գտնուող Քոնկոլացի ուխտաւորները  դարձեալ վերյիշելով յառաջիկայ 23 փետրուարին կազմակերպուած խաղաղութեան ի նպաստ աղօթքի ու ծոմապահութեան օրը որ յատուկէն նուիրուած է Քոնկոյի ժողովրդավարական հանրպապետութեան։

Ֆրանչսիսկոս Պապ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց նաեւ աշխարհի բոլոր հիւանդներուն որոնք յաճախ՝ ըսաւ ան, վատառողջութիւնէն անդին կը տառապին նաեւ մինակութենէ ու բացառութենէ։ Թող որ հիւանդաց առողջութիւն Տիրամայրը օգնէ իւրաքանչիւր հիւանդին, ընդունելու մարմնոյ եւ հոգւոյ սփոփանք, շնորհիւ եղբայրական գթասրտութեան ու առողջապահական համապատասխան խնամակալութեան յարեց Սրբազան Պապը ու Մարեմեան աղօթքը աւարտեց բոլոր ներկաներուն մաղթելով բարի կիրակի ու խնդրելով որ բարեհաճին աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.