2018-02-10 12:37:00

Ֆրանչիսկոս Պապի գրաւոր պատգամը «Քրիստոսի Վէրքեր» միաբանութեան անդամներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 10 փետրուար 2018-ին՝ կէսօրին, Վատիկանի «Քոնչիսթորօ» անուան դահլիճին մէջ Ֆրանչսկոս Սրբազան Քահանայապետը  ընդունեց  «Քրիստոսի Վէրքեր» միաբանութեան աւելի քան 40 անդամները, որոնք  Հռոմի մէջ գումարած էին իրենց  միաբանութեան  տարեկան ընդհանուր ժողովը:

Այս առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապ գրաւոր պատգամ մը յանձնած է անոնց,  որուն մէջ  իր գնահատանքը յայտնած է  Միաբանութեան անդամներուն՝ աւելի  քան 15 երկիրներու մէջ  Աստուծոյ խօսքը սփռելու  յանձնառութեան համար, քաջալերով զանոնք  իրենց    հասարակութիւններուն մէջ Աստուծոյ խօսքին հուրը վերահրելու,   հաստատելով թէ այդ հուրը պէտք է  նաեւ հրկիզէ  քաղաքական եւ եկեղեցական յետին  շրջանակներուն մէջ  գտնուող մարդոց սիրտերը :

Սրբազան Հայրը ապա  մէջբերելով Ղուկաս Աւետարանիչէն  Յիսուսի  հետեւեալ խօսքը «եկած եմ կրակ մը վառելու երկրի վրայ, որքան կը ցանկայի որ արդէն իսկ բորբոքէր» (Ղուկ 12, 49)   հրաւիրած է  «Քրիստոսի Վէրքեր» միաբանութեան անդամները, Յիսուսի այդ    կրակը համայն աշխարհի փոխանցելու, ընդգծելով,   որ կայ սխալ,  բարի ու սուրբ կրակ։ Ան նաեւ դիտել տուաւ որ  Աստուած Սուրբ Գիրքին մէջ նմանցուած է կրակի.  սակայն այդ կրակը սիրոյ բարի կրակ է, որ մարդոց սիրտերը կը թափանցէ, ոչ բռնի ձեւով այլ  յարգելով իւրաքանչիւրին ազատութիւնն ու ժամանակը:  

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա վերոյիշեալ միաբանութեան անդամները յորդորած է նմանիլ իրենց միաբանութեան   հիմնադիր՝  Սուրբ Կասպար Պերթոնոյին,  որ Աւետարանի պատգամը հեզութեամբ ու անուշութեամբ սփռեց։ Ան նկատեց, թէ  այս  եղած է  մեր Վարդապետին Յիսուս Քրիստոսի  աւետարանումի ոճը, եւ աւելցուց, թէ Յիսուս բոլորին սիրտը կը  գրաւէր՝  բարիութեամբ ու ողորմածութեամբ։

Ֆրանչիսկոս Պապ  ապա  շեշտը դնելով Յիսուսի բարի կրակին վրայ,   որ եղբայրսիրութեան հուրն է ու բոլորին  սիրտերը կը բիւրեղացնէ, քաջալերած է  «Քրիստոսի Սուրբ Վէրքեր» միաբանութեան անդամները, Յիսուսի այդ հուրը փոխանցել համայն քրիսոտնեայ հասարակութիւններուն,  որոնց շատերուն  հաւատքը կարիք կը զգայ  վերարծարծելու: Ան խրախուսած է միաբանութեան անդամները,  երթալ յատկապէս աղքատներուն եւ տխուր ու յուսահատ վիճակի մէջ գտնուող մարդոց մօտ,  անոնց աեւտարանելու ու զանոնք սփոփելու:

Ի վերջոյ  Ֆրանչիսկոս Պապ դիտել տուաւ,   որ Սուրբ Կասբարէ Պերթոնին՝ «Քրիստոսի վէրքեր» միաբանութեան հիմնադիրին նպատակն էր,  միսիոնար առաքեալներ պատրաստել՝ օգնելու համար    Եպիսկոնոսներուն  Աւետարանումին առաքելութեան:  Միսիոնարներ կամ  Եկեղեցւոյ առաքուողներ  ըլլալ, նախ չի նշանակեր որեւէ բան մը կամ գործունէութիւն մը  կատարել,   այլ անիկա  ինքնութիւն մըն է, ըսաւ Նորին Սրբութիւնը ու աւելցուց  «Երբ Աստուած անձ մը կ՝ընտրէ կամ անոր յատուկ առաքելութեան մը  կը կանչէ , միեւնոյն ժամանակ  անոր նոր անուն մը կու տայ ու նոր իրականութին մը կը ստեղծէ»։ Ան ընդգծեց,  որ Յիսուս միաբանութեան անդամները Իր մօտ կանչած է, որպէս միսիոնար առաքեալներ: Ֆրանչիսկոս Պապ   հրաւիրեց  ներկաները Տիրոջ դիմագիծը խոկալով , Յիսուսի հետ հաղորդութեան  կապը  մշակելու ու պահպանելու,  Զայն լաւ ճանչնալու համար, եւ ապա  սիրով ծառայելու  մեր եղբայրներուն:

Ֆրանչիսկոս Պապ իր գրաւոր պատգամը աւարտած է  հայցելով  Տիրամօր եւ  Սուրբ Կասպարիի հովանին  «Քրիստոսի Վէրքեր» միաբանութեան բոլոր անդամներուն շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.