2018-02-10 13:03:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Իտալիոյ թղթատարութեան ղեկավարներն ու պաշտօնեաները


(Ռատիօ Վատիկան) Շաբաթ, 10 փետրուար 2018ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի «Քլեմենթինա» անուան դահլիճին  մէջ ընդունեց Իտալիոյ թղթատարութեան ղեկավարներն ու պաշտօնեաները:

Այս առթիւ արտասանած խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունեց ներկաները եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ուղերձներուն համար։ Ան գնահատանքով խօսեցաւ Իտալիոյ Թղթատարութեան համար, նկատելով, թէ ան սերտօրէն կապուած է Իտալիոյ կեանքին եւ պատմութեան հետ։ Ան ընկերացած է Իտալիոյ՝ միացեալ պետութեան կազմաւորումէն ի վեր, նպաստելով միութեան, կանգուն պահելով կապը ընտանիքներու եւ հեռաւոր վայրերու միջեւ։ Սրբազան Հայրը նկատեց, թէ հաղորդակցութիւնը մաս կը կազմէ մեր ընկերութեան սրտին։ Հաղորդակցութեան միջոցները ժամանակի ընթացքին նորոգուած են եւ յարմարած ժամանակի պահանջքներուն։ Վերջին տասնամեակներուն, ընկերութեան համարեա բոլոր մարզերը, սկսեալ հաղորդակցութենէն եւ փոխադրամիջոցներէն, ենթարկուած են փոխակերպումի։ Ճարտարարուեստը միջոց կʼընձեռէ կատարելու միշտ աւելի արագընթաց զարգացում մը։ Ան իր ներկայութեամբ փոխած է մտայնութիւններ եւ կեանքի ոճեր, ստեղծելով նոր պահանջքներ եւ բաղձալով միշտ աւելի մեծ ատակութիւններու։ Իտալիոյ Թղթատարութիւնը յանձնառու եղած է դիմագրաւել այս մարտահրաւէրները՝ հեռատես կեցուածքով, իր մատուցած ծառայութիւններուն տալով բազմազանութիւն։

Ապագայի այս հեռանկարով, Իտալիոյ Թղթատարութիւնը իր կատարած ընտրութիւններուն մէջ նկատի առած է նաեւ կենսոլորտի պահպանումը։ Սրբազան Պապը յիշելով «Գովեալ լիցի» շրջաբերականի յորդորը, նկատեց, թէ չկայ իսկական զարգացում, եթէ կʼանտեսենք բնութեան կազդուրումի կարողութիւնը, եւ կամ եթէ բնութիւնը չենք նկատեր իբր մեր հասարակաց տունը, այլ իբր վաճառատուն մը, լի սպառելիք պաշարով։

Սրբազան Հայրը ապա անդրադարձաւ թղթատարութեան կոչումին՝ տրամադրուիլ քաղաքացիներու ծառայութեան, իբր կենդրոնական նպատակ ունենալով ոչ թէ շահոյթը այլ անհատները։ Սրբազան Հայրը կը նկատէ թէ այս «շատ աւելի կարեւոր է մեր տնտեսական եւ ընկերային համոյթին մէջ, ուր շատ անգամ շահը ինքնանպատակ է, մոռնալով որ իսկական հարստութիւնը անհատներու մէջ է։ Շահադիտական կեցուածքը անհատները կը նկատէ իբր թիւեր՝ առանց դիմագիծի։ Այն որ ունի բարձր թիւ մը, կը վայելէ յարգանք, մինչ ան որ զէրօ կը նկատուի՝ մէկդի կը շպրտուի։»

Սրբազան Հայրը յորդորելով ներկաները, ըսաւ՝ «Ի տես այս տագնապին, որ հետեւանքն է անհատապաշտութեան եւ հոգեւոր խորացած կարճատեսութեան, կոչուած էք միշտ աւելի ընդգրկել հակառակ տրամաբանութիւն մը, որ կենդրոնական տեղ կը յատկացնէ անհատներու պահանջքներուն եւ անոնց խնամքին։ Կը յորդորեմ ձեզ բոլորդ, որ իւրաքանչիւր օր յարաբերութեան մէջ ըլլաք հանրութեան հետ եւ աշխատիք պատասխանել անոր պահանջքներուն, եւ պահէք տրամադրելիութեան եւ բարեացակամութեան կեցուածքը անոնց հանդէպ, որոնք ձեզի կը դիմեն։»

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ պաշտօնեաներու եւ յաճախորդներու վերաբերմունքին եւ փոխյարաբերութեան։ Ան ըսաւ՝ «Երբ մէկը կրպակի մը կամ գրասենեակի մը կը մօտենայ, կարեւոր է որ ան հանդիպի անհատներու որոնք իրենց գործը լաւ կերպով կը կատարեն, որոնք չեն խորդար եւ կամ չեն տար այն տպաւորութիւնը՝ թէ քեզ կը նկատեն իբր բեռ։ Միւս կողմանէ, յաճախորդները պէտք է ուշադիր ըլլան որ չունենան պահանջքի եւ բողոքի վերաբերմունք, պարպելով իրենց յուսախաբութիւնները պաշտօնեաներու գլխուն։ Դժուար է, սակայն յոյժ կարեւոր, որ առօրեայ հազարաւոր հանդիպումներու մէջ աշխատակիցներու եւ քաղաքացիներու միջեւ պահուի ունկնդրումի, տրամադրելիութեան եւ յարգանքի ձեւ մը։ Յաջողելու համար, անհրաժեշտ է ինքզինք հրահանգել ամէն օր, կրթելով ինքզինք ողորմածութեամբ գործելու, նաեւ փոքր արտայայտութիւններու եւ մտածումներու մէջ։ Ան որ կը վերաբերի այս ձեւով կը վարակէ ուրիշները, եւ խաղաղութիւնը որ կը սերմանէ, անպայման պիտի պտղաբերէ։»

Սրբազան Հայրը յորդորեց, որ միշտ ուշադրութեամբ պահուի աշխատանքի որակը, առանց զիջում կատարելու ի վնաս ծառայութիւններու մատակարարման, որ կʼիրականանայ թղթատարութեան գրասենեակներու եւ նամակատուներու ցանցի ներկայութեամբ՝ երկրի ամբողջ տարածքին վրայ։

Զեկոյցի աւարտին, Սրբազան Հայրը օրհնեց ներկաները եւ անոնց ընտանիքները։








All the contents on this site are copyrighted ©.