2018-02-10 10:13:00

Քոնկոյի մէջ մօտ 10.000 երբեմնի մանուկ զինուորներ ներգրաւուած են ընկերութեան մէջ


(Ռատիօ Վատիկան) Ըստ Միջազգային Քարիթասի, Արեւելեան Քոնկոյի մէջ 2004 թուականէն ասդին մօտ 10.000 երբեմնի մանուկ զինուորներ ներգրաւուած են ընկերութեան մէջ։ Տարածաշրջանի Քարիթասի հինգ կենդրոններու մէջ, չարաշահումի ենթարկուած մանուկները եւ երիտասարդները իրենց զէնքերը յանձնելէ ետք ընդունած են բժշկական եւ հոգեբուժական օգնութիւն։
Փետրուարի 12ին Գերմանիոյ Ֆրայպուրկ քաղաքին մէջ տեղի պիտի ունենայ մանուկ զինուորներու չարաշահումի հակառակ Միջազգային Օրը։
Օգնութեան այս ծրագիրը սկսած է Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան արեւելեան կողմը, 2004 թուականին։ Այդ ծրագրի ծիրէն ներս մանուկներուն եւ երիտասարդներուն կը մատուցուին զանազան տեսակի օգնութիւններ։ Միջազգային Քարիթասի տնօրէն՝ Օլիվըր Միւլլէր ըսած է, «յաջողութեան հասնելու համար, մեր մանուկ զինուորներու ծրագիրները երկար շունչի կառիքն ունին»։
Արեւելեան Քոնկոյի մէջ մօտ քսան տարիներէ ի վեր շուրջ 50 զինեալ խմբակցութիւններ կը պայքարին հողատարածքի եւ հանածոներու տիրապետումի համար։ Սպանութիւններ, տեղահանումներ, պատանդներու առեւագումեր եւ բռնաբարումներ վերածուած են ժողովուրդի առօրեային։ Ամէն ամիս մօտ 15 մանուկներ եւ երիտասարդներ կը զինուորագրուին զանազան խմբակցութիւններու կողմէ։ ՄԱԿի գնահատումներու համաձայն ներկայիս 250.000 մանուկներ եւ երիտասարդներ զինուորագրուած են աշխարհի զանազան կողմերը։
 
 








All the contents on this site are copyrighted ©.