2018-02-10 09:39:00

«Pax Christi». վերջ դնել Թուրքիոյ պատերազմական արարքներուն


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, փետրուար 8ին, «Pax Christi» խաղաղութեան շարժումը յայտարարած է, թէ պատերազմիլ օտար տարածքի վրայ խախտում է ազգերու իրաւունքներու։

Յիշեալ շարժումի Աւստրիոյ մասնաճիւղը պահանջած է թրքական բանակի յարձակումներու անմիջական դադարեցումը Սուրիոյ Աֆրին նահանգին մէջ։ Հինգշաբթի օր կազմակերպութիւնը յայտարարած է, թէ «Ձիթենիի Ճիւղ Գործողութեան» ծիրէն ներս կատարուած պատերազմական արարքները օտար երկրի մը տարածքին վրայ, կʼանտեսեն այլ պետութեան մը տարածքային ամբողջականութիւնը եւ հետեւաբար կը խախտեն ազգերու իրաւունքը։

Թուրքիոյ կողմէ կատարուած պատճառաբանութիւնը, թէ յարձակումները կʼուզեն արգիլել Թուրքիոյ սահմանին քրտական պետութեան մը կերտումը, չʼարդարացներ զինուորական գործողութիւնները։ «Pax Christi» կոչ կʼուղղէ Աւստրիոյ պետութեան, որ ան «Չէզոք քաղաքականութեան մը հիման վրայ, գործունեայ եւ յստակ դիրքորոշում որդեգրէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ընթացիկ զարգացման նկատմամբ՝ թէ՛ ազգային եւ թէ՛ միջազգային մակարդակի վրայ»։

Կոչ կʼուղղեն արտաքին գործերու նախարարուհի Քարին Քնայսլի, որ «իր իշխանութեան սահմանէն ներս» ամէն ճիգ թափէ, պատերազմային գործողութիւններու դադարեցումին համար, եւ այդ կեցուածքը ներկայացնէ միջազգային մարմիններուն։

Ռումբերը եւ թնդանօթային յարձակումները արդէն խլած են բազմաթիւ զոհեր քաղաքացիներէն։ Թուրքական յարձակումին գործածուած են նաեւ գերմանական արտադրանքի հրասայլեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.