2018-02-09 14:20:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Էսթոնիայի հանրապետութեան վարչապետը


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 9 փետրուար 2018-ին, Վատիկանի Առաքելական պալատի գրասենեակէն ներս Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Էսթոնիայի հանրապետութեան վարչապետ Տիար Ժուրի Ռաթաս, որմէ ետք վարչապետը հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինի հետ, ներկայութեամբ Վատիկանի այլ պետութիւններու հետ յարաբերութեան  բաժանմունքի ենթաքարտուղար գերապայծառ Անթուան  Քամիլլերին: Այս առնչութեամբ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը    հրապարակեց  հաղորդագրութիւն մը  տեղեկացնելով, թէ  հանդիպումները կայացած են սիրալիր մթնոլորտի մէջ,  որուն ընթացքին,  երկու կողմերը  գնահատանքով արտայայտուած  են  Սուրբ Աթոռի եւ  Էսթոնիայի միջեւ գոյացած բարի յարաբերութիւններուն ե  եկեղեցւոյ ՝ Էսթոնիայի ընկերութեան  մատուցած դրական նպաստին համար:

Քննարկումի նիւթ եղած է երկու կողմեր հետաքրքրող ազգային եւ տարածաշրջանին հարցեր ինչպէս գաղթականութեան եւ բնապահպանութեան հայող հարցեր  :Անդրադարձ կատարուած է նաեւ  միջազգային խնդիրներուն: 








All the contents on this site are copyrighted ©.