2018-02-08 09:19:00

Ֆրանչիսկոս Պապի մարդավաճառութեան համաշխարհային օրուան առիթով հրապարակած թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 8 փետրուար 2018-ին, մարդավաճառութեան համաշխարհային օրուան առթիւ, ֆրանչիսկոս Պապ, քահանայապետական թուիթերեան կայքին վրայ  հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ գրեց

«Ողորմածութեան հոգիով ընկալենք մարդավաճառութեան զոհերը եւ բոլոր անոնք որոնք փախուստ կու տան պատերազմէն եւ անօթութենէն»: 

Սրբազան Հայրը օրուան ընթացքին ապա  հրապարակեց երկրորդ թուիթ մը որուն մէջ  շեշտեց մարդու արժանապատուութեան յարգանքի կարեւորութիւնը։

«Չենք կրնան լուռ մնալ միլիոնաւոր մարդոց տառապանքին դիմաց,  որոնց արժանապատուութիւնը խոցուած է» գրեց Սրբազան Քահանայապետը։ : 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.