2018-02-08 11:32:00

Ֆրանչիսկոս Պապ «Մեղաւորը կրնայ սուրբ դառնալ, բայց կաշառակերը՝ ո´չ»


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 8 փետրուար 2018-ին, առաւօտեան, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ մատուցեց Սուրբ Պատարագ, որուն ընթացքին արտասանած քարոզին մէջ անդրադարձաւ այն վտանգներուն, որոնց կրնանք ենթարկուիլ, ինչպէս՝  սրտի թուլացում։ 

Ան մեկնաբանելով օրուան Սուրբ գրային ընթերցումը՝ քաղուած Թագաւորաց գիրքէն, ուր կը խօսուի Սողոմոն թագաւորի եւ անոր անհնազանդութեան մասին, դիտել տուաւ որ Դաւիթ մարգարէն սուրբ էր հակառակ իր մեղանչումներուն, մինչ՝  Սողոմոն թաւաւորը մերժուած էր Աստուծոյ կողմէ՝  կաշառակեր ըլլալու պատճառաւ։

Ֆրանչիսոկոս Պապ  նկատել տուաւ, որ Դաւիթ մարգարէն ամէն անգամ որ կը մեղանչէր, կը զղջար իր գործած մեղքերուն վրայ, ապա  Աստուծմէ ներում կը խնդրէր։ Մինչ  Սողոմոն Թագաւորը, որուն մասին բոլոր աշխարհ լաւ կը խօսէր, հեռացաւ Տիրոջմէ՝ հետեւելու համար չաստուածներու՝ առանց անդրադառնալու։ Նորին Սրբութիւնը ապա կենդրոնացաւ սրտի թուլացումի հարցին վրայ, յայտնելով, որ սրտի մեղկացումը կը զգայազերծէ գիտակցութիւնը՝ մեղքի նկատմամբ։ Եթէ սիրտը մեղկացած չէ կրնանք մեր գործած մեղքին անմիջապէս անդրադառնալ, մինչ սրտի թուլացումը դանդաղ կʼընթանայ ինչպէս Սողոմոն Թագաւորին պարագան էր,  որ իր    փառքին եւ համբաւի քունին մէջ գտնուելով բռնեց այդ ուղին։ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց,  որ աւելի լաւ է մեղքի նկատմամբ յստակատեսութիւն ունենալ, քան՝ սրտի թուլացումը։

Ֆրանչիսկոս Պապ ապա դիտել տալով որ սրտի թուլացումի ողբերգութիւնը  կը պատահի նաեւ ամբողջ կեանքին մէջ եւ անոր դէմ պայքարելու համար պէտք է մեր սրտերուն վրայ հսկենք եւ ուշադիր ըլլանք։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.