2018-02-08 10:31:00

Վարդանանց տօնը. Ինքնութեան գիտակցութեան կորուստը այսօր ալ սպառնալիք է։


Մեծ է թիւը այն սուրբերուն, որոնք կը վայելեն հայ ժողովուրդի յարգանքը, եւ որոնց նուիրուած են շարականներ եւ կամ բարեպաշտական աւանդութիւններ։ Հայ ժողոուրդը իր պատմութեան մէջ ունեցած է բազմաբիւր նահատակներ. սակայն կան սուրբեր եւ նահատակներ, որոնց հանդէպ հայ ժողվուրդը ունի յատուկ յարգանք։ Այս սուրբերէն են Ղեւոնդեանք եւ Վարդանանց նահատակները։ Անոնց պատմութիւնը ծանօթ է մեզի յատկապէս Եղիշէ Վարդապետէն։ Աւելի քիչ ծանօթ է մեզի սակայն Վաչէեաններու եւ Գարեգինի նահատակութիւնը, ինչպէս նաեւ Ատոմեան զօրավարներու նահատակութեան պատմութիւնը, հակառակ որ Ատոմեաններուն յիշատակը կը կատարենք մեր տօնացոյցին մէջ։

Վաչէեանները՝ Վաչէ Մամիկոնեանի առաջնորդութեամբ նահատակուած էին հայրենիքի պաշտպանութեան ժամանակ, պարսիկներու դէմ մղուած պատերազմներու ընթացքին։ Վրթանէս Կաթողիկոս (285-341, կաթողիկոս՝ 333-341. նախապէս զինուորական) անոնց համար յիշատակութեան տօն կը հաստատէ, ուր պէտք է յիշուէին նաեւ բոլոր անոնք, որոնք ինկած են հայրենիքի պաշտպանութեան համար։

Փաւստոսի Բիւզանդի պատմութեան մէջ կը կարդանք՝ «Ապա Վրթանէս եպիսկոպոսապետը կը հաւաքէր, կը մխիթարէր բոլորը, Խոսրով թագաւորը, եւ բոլոր զօրքերը, որոնք սրտակէզ ողբով ու արցունքով, թախծալից հոգերով, մեծ լաց ու կոծով բռնուած կը սգային։ Մեծ Վրթանէսը մօտենալով անոնց կը սփոփէր եւ կʼըսէր. ʼՄխիթարուեցէք Քրիստոսով, որովհետեւ անոնք, որ մեռան, մեր աշխարհի, եկեղեցիներու եւ աստուածատուր հաւատքի համար մեռան, որպէսզի մեր աշխարհը չգերուի, քարուքանդ չըլլայ, սուրբ եկեղեցիները չպղծուին, նահատակները չանարգուին, սպասները պիղծ եւ անհաւատ մարդոց ձեռքը չանցնին, սուրբ ուխտը չաղաւաղուի, մկրտուած ժողովուրդը գերի չերթայ ու չմատնուի անհատներու պաշտամունքի զանազան պղծութիւններուն։

Ուրեմն զանոնք չողբանք, այլ արժանապէս պատուենք նահատակներու հետ. մշտական կարգ սահմանենք ամբողջ մեր աշխարհին մէջ, որ ամէն ոք անխափան կատարէ անոնց բարի յիշատակը՝ ինչպէս Քրիստոսի նահատակներունը։ Իսկ մենք տօն կատարենք եւ ուրախ ըլլանք, որ Աստուած անոնց միջոցաւ մեր հետ հաշտ ըլլայ եւ այսուհետեւ խաղաղութիւն շնորհէ։ Եւ Վրթանէս մեծ քահանայապետը օրէնք սահմանեց՝ երկրին մէջ ամէն տարի կատարել անոնց յիշատակը, ինչպէս եւ անոնց, որոնք նոյն կերպով երկրի փրկութեան համար կը մեռնին։»

Իսկ Գարեգին իշխանազունին մասին կը կարդանք Եղիշէ Վարդապետի պատմութեան մէջ։ «Յազկերտ թագաւորը սաստիկ զայրացած էր Քրիստոսի անուան վրայ, երբ կը լսէր, թէ տանջուեցաւ, խաչուեցաւ, մեռաւ եւ թաղուեցաւ։

Հայոց երիտասարդ նախարարներէն մէկը ընդդիմաբանեց անոր եւ ըսաւ. ʼՔաջ թագաւոր, դուն ո՞րտեղէն գիտես Տիրոջ մասին այդ բաները, որ կը խօսիսʼ։ Թագաւորը պատասխան տուաւ եւ ըսաւ. ʼահա իմ առջեւ կարդացին ձեր մոլորութեան գրքերըʼ։ Կրկին պատասխան տուաւ պատանեակը եւ ըսաւ. թագաւոր, ինչու՞ մինչեւ այդտեղ միայն կարդալ տուիր. շարունակել տուր կարդալը, եւ այնտեղ կը լսես յարութիւնը, շատերուն յայտնուիլը, երկինք վերանալը, Հօր աջ կողմը նստիլը, երկրորդ գալստեան խոստումը՝ բոլորին հրաշալի կերպով յարութիւն տալով, արդար դատաստանի համառօտ հատուցումը։ Եթէ քեզի համար հաւատալին են անոր մարմնաւոր չարչարանքները, աւելի եւս հաւատալի պիտի ըլլայ քեզի համար անոր երկրորդ ահաւոր գալուստը։

Թագաւորը այս լսելով՝ բորբոքեցաւ Բաբելոնի հնոցի կրակին նման, ամբողջ բարկութիւնը եւ զայրոյթը թափեց այն երանելի մարդուն վրայ, որուն անունը Գարեգին էր։ Կապուած ոտքերով ու կապուած ձեռքերով երկու տարուան չափ յանձնուեցաւ չարչարանքներու եւ իշխանութենէն զրկուելով՝ մահուան դատապարտուեցաւ։»

Երբ այսօր կը կատարենք Վարդանանց յիշատակը, խոր գիտակցութեամբ ունկնդրենք անոնց պատգամին, որոնք հրաշալի օրինակներ են միասնութեան եւ ինքնութեան ամրապինդ գիտակցութեան։ Քրիստոնէութեան ընկալումով՝ հայ ժողովուրդը կը ներկայանար նոր ինքնութեամբ եւ ինքնագիտակցութեամբ. առաւել եւս՝ հայ քրիստոնեայ եկեղեցին էր, որ հայուն տուած էր այբուբենը, որ աւելի ամրապնդած էր ազգային գիտակցութիւնը։ Կան սկզբունքներ, որոնք կարելի չէ զոհել դիւանագիտութեան. ծանօթ է մեզի պատմութենէն, թէ դիւանագիտական ամրապինդ համաձայնութիւններ կրնան խախտուիլ շատ դիւրաւ. մինչ ինքնութեան գիտակցութեամբ մղուած պայքարը մեզ հասցուցած է այս դարուն, ուր այլ ժողովուրդներ անհետ կորած են։

Ինքնութեան գիտակցութեան կորուստը այսօր ալ կը ներկայանայ իր սպառնալիքով։ Համաշխարհայնացած երկրագունդի մը վրայ կրնանք թուել երկար ցանկ մը այդպիսի սպառնալիքներու։ Ո՞րքանով իւրաքանչիւր հայ անհատ գիտակից է այդ սպառնալիքներուն, եւ ո՞րքանով կը դիմադրէ այդ սպառնալիքներուն։ Թող Վաչէեան, Ատոմեան, Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց նահատակները ըլլան մեզի օրինակ եւ բարեխօս։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.