2018-02-07 11:46:00

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը հայող «ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն»։


 

(Ռատիօ Վատիկան) Ի տես Փիոնկ Չանք քաղաքին մէջ կայանալիք  ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն,  որոնց  իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն  Հարաւային եւ Հիւսիսային երկու Քորէանները, չորեքշաբթի 7 փետրիուար 2018-ին- հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին Սրբազան Քահանայապետը յատուկ պատգամ մը ուղղեց այդ առընչութեամբ որուն մէջ ըսաւ. 

«Ուրբաթ 9 փետրուար 2018-ին, բացումը պիտի կատարուի  ԻԳ ձմեռնային ողիմպիական խաղերուն,  Հարաւային Քորէայի Փիոնկ  Չանկ քաղաքին մէջ՝ մասնակցութեամբ 92 երկիրներուն:  Այս տարուան աւանդական ողիմպիական խաղերու  «զինադադարը» յատուկ կարեւորութիւն կը ստանայ: Ողիմպիական խաղերուն բացման հանդիսութեան շքերթին,  երկու Քորէաներուն պատուիրակութիւններ միասին  կը մասնակցին մէկ դրօշակի տակ ու  անոնք որպէս մէկ խումբ միասնաբար պիտի մրցակցին: Այս եղելութիւնը  յոյս կը ներշնչէ աշխարհի մը,   ուր  հակամարտութիւնները  կը լուծուին՝ խաղաղութեամբ, երկխօսութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքի միջոցաւ,  ինչպէս կը սորեցնէ նաեւ մարզանքը» ըսաւ Սրբազան Հայրր  ապա ողջունեց ողիմպիական խաղերուն միջազգային կոմիտէն, մարզիկներն ու  բոլոր մարզիկուհիները որոնք պիտի մասնակցին Փիոնկ Չանկ քաղաքի ողիմպիական խաղերուն, Ան ողջունեց նաեւ Քորէայի  Պետութիւնն ու  Քորէա թերակղզիին ժողովուրդը,   ապահովեցնելով բոլորին իր աղօթքը  ու վերահաստատելով Սուրբ Աթոռի յանձնառութիւնը՝ խաղաղութեան եւ ժողովուրդներու միջեւ հանդիպումի ամէն տեսակ նախաձեռնութիւններուն աջակցութեան ի սպաս: 

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը եզրափակեց մաղթելով,  որ սոյն ողիմպիական խաղերը,  բարեկամութեան եւ մարզանքի մեծ տօնակատարութիւն  դառնան:  «Թող Աստուած ձեզ օրհնէ եւ պահպանէ» :  ըսաւ Նորին Սրբութիւն կոչին աւարտին : 








All the contents on this site are copyrighted ©.