(Ռատիօ Վատիկան) 7-9 փետրուար 2018-ին, Ալպանիայի Սքութարի քաղաքին մէջ նախատեսուած է եպիսկոպոսներու եւ Եւրոպայի իսլամներու հետ երկխօսութեան պատուիրակներու 5-րդ հանդիպումը, կազմակերպուած Եւրոպայի եպիսկոպոսներու համահաւաք դասերու խորհուրդի կողմէ, որպէս նիւթ ունենալով «Հաւատք ու հոգեւորականութիւն, քրիստոնեայ իսլամ յարաբերութիւններու ծիրէն ներս»։
Վերոնշեալ հանդիպումին, որուն առաջին փուլերը տեղի ունեցան 2009-ին Ֆրանսայի Պորտօ քաղաքին մէջ, 2011-ին Իտալիոյ Թորինօ քաղաքին մէջ, 2013-ին Լոնտոնի մէջ եւ 2015-ին Զուիցերիոյ Սէն Մորիս քաղաքին մէջ, իր մասնակցութիւնը կը բերէ նաեւ Միջ-կրօնական երկխօսութեան Քահանայապետական խորհուրդի մէկ ներկայացուցիչը։ Հանդիպումը առիթ է նաեւ քննարկելու իսլամներու հետ երկխօսութեան գործնըթացի իրավիճակը։
All the contents on this site are copyrighted ©. |