2018-02-06 13:30:00

Ցանցի անվտանգութեան միջազգային օր՝ Ֆրանչիսկոս Պապին թուիթը։


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի՝ 6 փետրուար 2018-ին կը նշուի Ցանցի անվտանգութեան 15-րդ միջազգային օրը որ հռչակուած  է Եւրոպական Միութեան կողմէ եւ որուն առթիւ այս տարի եւս Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հրաւէր ուղղեց պաշտպանելու անչափահասները թուային աշխարհի սպառնալիքներէն։

«Բոլորս ալ հրաւիրուած ենք յանձնառու ըլլալ՝ թուային աշխարհն մէջ  պաշտպանելու համար անչափահասները»  գրեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։  

Նշենք թէ անցեալ տարի եւս Նորին Սրբութիւնը հրատարակած էր թուիթ մը որուն մէջ կոչ ուղղած էր այնպէս ընելու որ ցանցը անչափահասներուն համար եւս ըլլայ անվտանգ վայր մը լի մարդկայնութեամբ, ցանց մը որ բանտարկութիւն չ՛ըլլայ, այլ սատարէ աճումին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.