2018-02-06 09:50:00

Վարդանանք. «Վասն Կրօնի եւ Հայրենեաց»


Վասն Կրօնի եւ Հայրենեաց, այսինքն  Հայ Եկեղեցւոյ, Հայրենիքի եւ քրիստոնէական հաւատքի պահպանումին համար է որ 451 թուականի մայիսին, Աւարայրի ճակատամարտին նահատակուեցան Վարդան զօրավար եւ իր 1036  ազատամարտիկները :  Իրենց նահատակութեամբ՝ անոնք հաստատեցին հայ ժողովուրդին ապրելու կամքը եւ լինելութեան իրաւունքը:

Հայոց զօրքը թուաքանակով երեք անգամ քիչ էր պարսկական 66 հազարնոց զօրքէն, սակայն ասիկա չէր սարսափեցներ հայորդիները եւ թուլացներ զանոնք։  Եռապատիկ զօրքին դիմաց անոնք պատրաստ էին կեանքի գինով  պաշտպանելու իրենց հաւատքը, կրօնը, հայրենիքն ու ազգային ինքնութիւնը: Անոնց նահատակութիւնը գիտակցուած մահ էր, համազօր  անմահութեան: Արդարեւ, Աւարայրի քաջամարտիկները իրենց մահուամբ անմահացան եւ անմահացուցին իրենց Ազգը։

Ահա թէ ինչ կ’ըսէ շարականագիրը Սուրբ Վարդանին  նահատակութեան մասին. «Քո վարդագոյն արեամբ պսակեցիր Եկեղեցին»: Այո՛, այնուհետեւ, Հայ Եկեղեցին, ո՛չ  միայն Քրիստոսի սրբազան հաւատքով ու աղօթքով կրթելով ու լուսաւորելով պահպանեց մեր ժողովուրդը, այլ նաեւ ճակատագրական, դժուար պահերուն՝ իր հաւատաւոր սպասաւորներու հերոսական կեցուածքով, անձնազոհութեամբ, սրբազան նահատակութեամբ։ Անոնք իրենց հաւատքին ու Ազգին պաշտպաութեան համար իրենց կեանքը վահան դարձուցին։  Նահատակներուն արիւնը սերմն է քրիստոնէաներուն: Ահա այդ արեան սերմի ծաղիկը, մեր ինքնութիւնն  է որ մեր Սուրբ Եկեղեցին դարերէ ի վեր կը պաշտպանէ : Իմացեալ մահու  պարգեւած անմահութեան գիտակցութիւնն է  մեր ազգի անմահութեան գաղտնիքը։ Այս գիտակցութեան վկայութիւնն է որ տուին  Վարդանանք, եւ կը  շարունակեն տալ մեր այսօրուայ  հերոսները մեր գոյամարտի բոլոր ճակատներուն վրայ:

Վարդանանց տօնակատարումը այսօր առիթն է մեզի համար վերանորոգելու մեր յանձնառութիւնը կառչած մնալու մեր արմատներուն։  Թէեւ մերօրեայ կարգ մը  պատմաբաններ եւ հրապարակախօսներ կը փորձեն  նսեմացնել  Աւարայրի դերը եւ Վարդան Մամիկոնեանի սխրանքին նշանակութիւնը մեր գոյերթին մէջ, սակայն վստահ եմ որ մեր ժողովուրդը երբեք պիտի չզլանայ եւ պիտի շարունակէ  հպարտութեամբ եւ երախտագիտութեամբ նշել  ու յիշատակել  մեր Աւարայրի  ազատամարտիկներուն նահատակութիւնը:  Անոնք Տիգրան Մեծի, Մաշտոցի ու Նարեկացիի նման հոմանիշ դարձան  Հայուն։

Միշտ յիշենք որ Վարդանանք քրիստոնէական առաքինութիւններով լուսաւորուած անձեր էին։ Անոնց մշտահունչ պատգամն է մեզի  մնա՛լ եկեղեցասէր, ազգասէր եւ հայրենասէր :

 

† Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեան

         Օգնական Եպիսկոպոս

  Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Թեմին

 








All the contents on this site are copyrighted ©.